Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Լեւոն Ճաղարեանի հետ:
Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ կայացած խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի ներկայ իրավիճակին շուրջ: Նորին Սրբութիւնը այս առիթով դատապարտեց օր մը առաջ Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպանին դէմ գործադրուած ահաբեկչական գործողութիւնը եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Դեսպանին: երկրորդ, 12 անգամ` երրորդ տեղը: