«Սուրմալու» տօնավաճառին մէջ գիշերը ժամը 3-ի սահմաններուն բռնկած հրդեհը մարած է այսօր առաւօտեան ժամը 8.39 -ին:
Այսօր՝ 6 ապրիլին, ժամը 03:07-ին «ՍՕՍ ՍԻՍԹԵՄՍ» հակահրդեհային ազդարարման համակարգով ահազանգ ստացուած է Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն՝ Երեւանի Արշակունեաց պողոտայի թիւ 15 հասցէին վրայ գտնուող «Սուրմալու» Երեւանի պահածոների գործարանէն։ Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի կեդրոնական մասնաշէնքին մէջ (մօտ 2000 քմ)։
Հրդեհի բարդութեան Թիւ 2 կանչով դէպքի վայր մեկնած են 6 մարտական հաշուարկ։ Աւելի ուշ եւս 8 մարտկան հաշուարկ:
Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 06:24-ին։ Այրած են խաղալիքներու եւ տնտեսական ապրանքներու տաղաւարներ՝ գոյքով:
Դէպքի վայր գտնուած է ԱԻ նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանը:
Երեւան քաղաքի փրկարարաական վարչութեան հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի պետ փոխգնդապետ Գարեգին Յակոբեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ այս պահուն յետհանգեցման աշխատանքներ կը տարուին, ներգրաւուած են 4 միաւոր հրշէջ սարք՝ իրենց անձնակազմով:
«Անելու աշխատանքներ համարեայ չկան, փլած հատուածներում մանր-մունր փոքր ծխացող հատուածներ են»,-ըսած է ան:
Հարցին, թէ ինչը կրնայ հրդեհի պատճառ եղած ըլլալ, փոխգնդապետն արձագանգած է, որ ինքը նման հարցերու չի կրնար պատասխանել: