Yerevan.Today-ը կը գրէ. «ՀՀ Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը, որուն ի պահ տրուած է պետութեան գանձարանը, կը պարզուի՝ այնքան անզուսպ շռայլ է, որ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն գիտակցելով, որ պիւտճէն ճեղքուածք ունի, մէկ ձեռքով Հիմնադրամէն արցախցիին նուիրաբերուած փողերը պիւտճէ տարած է, միւս ձեռքով 73 միլիոն 105 հազար դրամ պարգեւատրում բաշխած է ինքն իրեն ու ենթականերուն։ Այս երկու տեղեկութիւնները, ի դէպ, հաստատած է նախարարութիւնը պաշտօնապէս` Yerevan.Today -ի հարցման պատասխանին մէջ։
Ահա այսպէս, երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակի վրայ այդ օրերուն թքած ունէր այժմ նախկին դարձած սորոսական նախարար Զարուհի Բաթոյեանը, որ իր աշխատանքը գերագնահատած էր 100 % պարգեւավճարով։ Թերեւս սա իրեն թոյլ տար որեւէ յեղափոխական նախարար, բայց ոչ ելեւմուտքի կառավարիչ Ջանջուղազեանը, որուն սիրտը աւելի շատ պիտի ցաւէր՝ իմացականութեամբ միւսներէն տարբերելու պատճառով։ Ան, ի դէպ, «սեւերու» իշխանութենէն մնացած լաւագոյն քատրերէն մէկն է, հետեւաբար՝ լաւ կը հասկնայ, թէ ուր կը հասցնեն երկիրը` այսպիսի անպատեհ ծախսերով, նախարարներու 1 ու կէս միլիոնանոց ուռճացուած աշխատավարձերով եւ 8 միլիառ տոլարի հասցուած ՀՀ պետական պարտքով:
Աւելի վաղ Yerevan.Today֊ը գրած էր, ՀՄՀ-ի կողմէ «Մենք ենք մեր սահմանները» խորագրով Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հանգանակած 170 միլիոն տոլարի մեծ մասը վարչապետի հրահանգով ծածուկ պայմաններու մէջ փոխանցուած է ՀՀ պետական պիւտճէ, որպէսզի պիւտճէի ճգնաժամը յաղթահարուի ատով, գրած էին, որ արցախցիին նուիրաբերուած միլիոնաւոր տոլարները վերածուած են չոր թոշակի։ Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հաստատումէն ետք Ելեւմուտքի նախարարութիւնը խոստովանեցաւ, որ այո, ՀՀ պիւտճէն ճեղքուածք ունի, եւ որ արցախցիի համար հանգանակուած փողերը Հիմնադրամի առաքելութեան փոխարէն վերածուած են բնակչութեան համար սովորական ընկերային ծախսերու։ «Անոր մէջ կրնան ըլլալ պետութեան ֆինանսական բեռը ցանկացած ծախսի տեսքով, սոցվճարէն, թոշակ ու ընդհուպ՝ պաշտօնեաներու պարգեւատրումներ, ինչո՞ւ ոչ։ Ի վերջոյ, պարգեւավճարներն ալ, ընդունինք, որ վարչապետի պարտաւորութիւնը դարձած է` սեփական թիմակիցներու հանդէպ, յանուն իր կողքին պահելու, ան անպայմանօրէն կը կատարէ այդ պարտաւորութիւնը՝ մեր եւ պիւտճէի հաշուոյն` առանց հաշուի առնելու ատոր նպատակայարմարութիւնն ու նախարարներու, պատգամաւորներու տուած արդիւնաւէտութիւնը»։