Փա՜ռք 3-րդ բանակային կորպուսին (ջոկատ)՝ իր հրամանատարներով։ Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին գրած է Իջեւանի մէջ ստեղծուած լրատուական ճգնաժամային կեդրոնի պատասխանատու Արծրուն Յովհաննիսեանը եւ տեղադրած ՀՀ ԶՈւ 3-րդ ԲԿ-ին նուիրուած նորաստեղծ քայլերգի տեսանիւթը։
«Բանակային 3-րդ կորպուս (ջոկատ) յաղթական, Հայոց հողի հիւսիսային պահապան»․․․ այս բառերով կը սկսի նորաստեղծ երգը, որ նուիրուած է այս օրերուն Տաւուշի սահմանին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ հակառակորդի բոլոր ոտնձգութիւններն ու յարձակումները կասեցնող 3-րդ բանակային կորպուսի անձնակազմին ու հրամանատարութեան՝ զօրավար-գնդապետ Կրիկորի Խաչատուրովի գլխաւորութեամբ:
Այս օրերուն սահմանի պաշտպանութեան, հակառակորդի օդային ու ցամաքային գործողութիւնները յստակ կասեցնող ու բոլոր ծրագիրները խափանող 3-րդ կորպուսն ու անոր հրամանատարը դարձած են հայութեան հպարտութիւնը։ Ընկերային հարթակներու բազմաթիւ օգտատէրեր կը հրապարակեն կորպուսի հրամանատարի՝ զօրավար Խաչատուրովի, լուսանկարը՝ որպէս հայկական զէնքի մերօրեայ յաղթանակներու խորհրդանիշ, ուղեկցելով այն գովեստի, մաղթանքներու, յուսալիութեան մասին գրառումներով։ Այդ լուսանկարներուն մէջ, ի դէպ, Կ․ Խաչատուրովը գնդապետի համազգեստով է, քանի որ 2019-ի սեպտեմբերին զօրավար-գնտապետի կոչման արժանանալէն ետք նոր լուսանկարի ժամանակ կամ ցանկութիւն չի ունեցած։
Յիշեցնենք, որ Կրիկորի Խաչատուրովը որդին է 2008-16 թուականներուն ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովին, որ ետ կանչուեցաւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն եւ որուն մեղադրանք առաջադրուեցաւ «Մարտի 1-ի» գործով։