image

Գահիրէի մէջ. դեսպան Սարգսեան հանդիպած է երկրի մշակոյթի նախարարին հետ

 Գահիրէի մէջ.  դեսպան Սարգսեան հանդիպած է երկրի մշակոյթի նախարարին  հետ

Օրերս Գահիրէի մէջ   Հայաստանի Հանրապետութեան  Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան  Արմէն Սարգիսեան   հանդիպում մը ունեցած է երկրի մշակոյթի նախարարին հետ։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Եգիպտոսի մէջ ՀՀ Դեսպանատան պաշտօնական էջէն։

 Ստորեւ  տարածուած լրատւութիւնը՝

16 Մարտին Եգիպտոսի  մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգիսեան հանդիպում մը  ունեցած է   Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Ահմատ Ֆուատ Հաննոյի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ մշակոյթի ոլորտի համագործակցութեան խորացման ու ընդլայնման վերաբերող հարցերը։ Զրուցակիցները շեշտած են վերոյիշեալ բնագավառի իրաւապայմանագրային հիմքի թարմացման անհրաժեշտութիւնը, կարեւորելով եգիպտահայ համայնքի դերը մշակութային փոխգործակցութեան եւ  զարգացման  ծիրէն ներս։