image

Պեքաայի մէջ. Փաստաբաններու սենտիքայի նախագահութեան թեկնածուն այցելած է Յոյն Կաթողիկէ առաջնորդարան

Պեքաայի մէջ. Փաստաբաններու սենտիքայի նախագահութեան թեկնածուն այցելած է Յոյն Կաթողիկէ առաջնորդարան

Նշենք, որ  փաստաբաններու սենտիքայի նախագահութեան  թեկնածու Էլի Պազըրլիին կ՚ընկերակցէր Զահէլի  աւանի հայկական համայնքի  աշխոյժ ներկայացուցիչներէն ՝ Տիար Նազարէթ Անտէքեան, որ նոյնպէս փաստաբան է եւ բաւական աշխոյժ  գործունէութիւն կը ծաւալէ Պեքայի մէջ։

Լիբանանի Պեքաա շրջանին մէջ  տեղի փաստաբաններու սենտիքան կը պատրաստուի ընթացիկ ընտրութիւններու։ 

 Այս առթիւ ալ սոյն պաշտօնին հիմնական թեկնածու հանդիսացող յաջողակ փաստաբան Էլի Պազըրլի այցելութիւն տուած է  յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէ շրջանի առաջնորդին։

Ստորեւ այդ մասին  տրուած լրատւութիւնը։

Օրերս Զահլէի , Յոյն կաթողիկէ  Առաջնորդ Իպրահիմ եպս. ընդունած է փաստաբաններու սէնտիքայի նախագահութեան թեկնածու՝ փաստաբան Էլի Պազըրլին եւ քննարկած կարգ մը իրաւաբանական օրէնսդրութեան հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին Եպիսկոպոս Իպրահիմ եւ փաստաբան Պազըրլի քննարկած են  փաստաբաններու սենտիքայի դերակատարութեան կարեւորութիւնը արդարադատութեան, փաստաբաններու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հասարակութեան շահերուն ծառայող օրէնսդրութեան մշակման հարցերուն առընթեր:

 Եպս. Իպրահիմ շեշտած է նաեւ կարեւորութիւնը դատական իշխանութեան անկախութեան եւ իրաւաբաններու ունեցած գործօն դերին, ճշմարտութեան ու արդարութեան սկզբունքներու ամրապնդման գործընթացին մէջ։

Իր հերթին փաստաբան Էլի Պազըրլին շնորհակալութիւն  յայտնած է եպս. Իպրահիմին այս ջերմ հանդիպման եւ առիթին համար բարձր գնահատելով  կրօնաւորին ազգային եւ ընկերային դիրքորոշումները եւ ընդգծելով անոր յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու փաստաբաններու սէնտիքային դերը՝ որպէս օրինական իրաւունքներու եւ սկզբունքներու պաշտպանութեան առաջատար հաստատութիւն: 