Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունած է այցելութիւնը համայնքային գործիչ՝ Ներսէս Ներսոյեանը, որ այս առթիւ Սրբազան Հօր նուիրած է իր մեծ հօր՝ Արժ. Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեանին օրագրերը պարունակող «Տառապանքի Օրագիր» գիրքը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Շաբաթ, 8 Մարտ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը տիար Ներսէս Ներսոյեանին։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անդրադարձ կատարուեցաւ ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցերուն եւ այս գծով կարծիքներ փոխանակուեցան։ Տիար Ներսոյեան Սրբազան Հօր նուիրեց իր մեծ հօր՝ Արժ. Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեանին օրագրերը պարունակող «Տառապանքի Օրագիր» գիրքը։
Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատելով՝ աստուածային օրհնութիւն եւ բարիք մաղթեց տիար Ներսոյեանին։