image

«Եթէ մարտին...» Վաչէ Գաբրիէլեանի կարեւոր դիտարկումները

«Եթէ մարտին...» Վաչէ Գաբրիէլեանի կարեւոր դիտարկումները

Տնտեսութեան սահմանափակումները պէտք էր մտցնել աւելի շուտ, ոչ թէ մարտի կէսին եւ եթէ մարտին բոլոր միջոցառումները ճշգրտօրէն եւ արդիւնաւէտ ընէինք, այս վիճակին չէինք հասնիր։ «Արմնիւզ» ՀԸ Դաւիթ Սարգսեանի հեղինակային «#ՕրաԽնդիր» հաղորդման ժամանակ յայտարարած է ՀՀ նախկին փոխվարչապետ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի պիզնեսի եւ տնտեսագիտութեան քոլեճի տնօրէն Վաչէ Գաբրիէլեանը:

«Բոլոր այն երկիրները, որոնք ուշացուցին կանխարգելիչ միջոցառումները, վատ արդիւնք ունեցան, եւ այսօր արդէն խնդրայարոյց է, թէ ատոր հետեւանքով մենք ինչպիսի համաճարակային իրավիճակ ունինք. վարակումը այլեւս օճախներով չէ, եւ դժուար է ըսել՝ ինչ արդիւնք կու տայ տնտեսութիւնը դարձեալ փակելը», ըսած է Վաչէ Գաբրիէլեանը:

Ըստ նախկին փոխվարչապետի՝ եթէ անգամ երկիրը  անցնի ամբողջական քարանթինի, ժահրը արդէն դուրս է վերահսկողութենէ, եւ եթէ ամբողջական փակում ունենանք, որեւէ օճախի սահմանափակում պիտի չունենանք:

«Ատոր փոխարէն պէտք է շատ աւելի խիստ ընթացիկ վերահսկողութիւն իրականացնել: Աւելի ճիշդ է վերահսկողութեան սահմանումը փողոցներուն, հանրակառքերուն, խանութներուն մէջ՝ շատ խիստ տուգանքներ նշանակելով: Պետութիւնը պէտք է հարկադրանքի միջոցներու դիմէ՝ չբացառելով համոզելը»,- նշած է ան:

Վաչէ Գաբրիէլեանի խօսքով՝ վարակի դէմ պայքարելու համար կայ երկու ծայրայեղ մօտեցում՝ չինական եւ շուէտական. Չինաստանի մոտելը կոշտ մեկուսացում կ'ենթադրէ, Շուէտինը՝ քարանթին չհռչակելը.

«Մենք ոչ Շուէտ ենք, ոչ Չինաստան, մեր ճանապարհը ոսկի միջինն է, այն պէտք է փնտռել եւ գտնել:  Վրաստանը քարանթինին հետեւեցաւ շատ աւելի խստօրէն, քան մենք, տուգանքները շատ աւելի հետեւողականօրէն կը կիրառուէին, անոնք կրցան օճախները սահմանափակել: Եթէ մարտին բոլոր միջոցառումները ճշգրտօրէն եւ արդիւնաւէտ ընէինք, այս վիճակին չէինք ըլլար»:

Նախկին փոխվարչապետի կարծիքով՝ այսօր հնարաւորինս շատ մարդ պէտք է աշխատի տունէն, եթէ կայ այդ հնարաւորութիւնը, պետութիւնն ալ պէտք է Աշխատանքային օրէնսգիրքով յատուկ կարգաւորումներ տայ, օրինակ՝ գործատուները յորդորէ սեփական փոխադրամիջոցներ օգտագործել: