Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան արձանագրութիւն ստորագրած է Վիլէն Գաբրիէլեանի՝ պատգամաւորի լիազօրութիւնները դադրեցնելու մասին։
ՀՀ ԱԺ նախագահի ստորագրած արձանագրութիւնը հրապարակուած է ՀՀ Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին մէջ։
«Հիմք ընդունելով պատգամաւորի հրաժարականի մասին դիմումը եւ առաջնորդուելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 154-րդ յօդուածի 1-ին մասի 6-րդ կէտի եւ 155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ կէտի պահանջներով՝ դադարած համարել «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան համապետական ընտրական ցուցակով ընտրուած պատգամաւոր Վիլէն Գաբրիէլեանի՝ պատգամաւորի լիազօրութիւնները»,- նշուած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի ստորագրած արձանագրութեան մէջ:
Վիլէն Գաբրիէլեան ապրիլ 1-ին պատգամաւորական մանթատը վար դնելու դիմում ներկայացուցած էր ԱԺ նախագահին։