image

Յայտնի ճազ երաժիշտի համերգը Երեւանի մէջ

Յայտնի ճազ երաժիշտի համերգը Երեւանի մէջ

Երեւան ժամանած է յայտնի ամերիկացի ճազ երգահան, երգիչ, գործիքաւորող եւ կոնտրաբասահար Աւիշայ Քոէնը։


 

Prime Production ընկերութեան հրաւէրով ան երեւանեան հանդիսատեսի համար ելոյթ ունեցած է Կ. Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար՝ Սերկէյ Սմբատեան), հայ տաղանդաւոր դաշնակահար Վահագն Հայրապետեանի եւ հարուածային գործիքներու փայլուն վարպետ Նոամ Տաւիտի հետ։ Ընդ որում, Քոէնը ելոյթ ունեցած է յատուկ առիթով․ մշակութային հանրութիւնը կը տօնէ հայկական ճազի աստղ Լեւոն Մալխասեանի 75-ամեակը։


 

Մաէսթրօն շնորհաւորելու եւ հիանալի երաժշտութիւն լսելու եկած էին նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր կինը՝ Աննա Յակոբեանը․․․


 

1998-էն Աւիշայ Քոէնը թողարկած է աւելի քան մէկ տասնեակ ալպոմներ, ան մշտապէս կը մասնակցի լաւագոյն ճազային կատարողներու ձայնագրութիւններուն, ցանկալի հիւր է ամենահեղինակաւոր երաժշտական միջոցառումներու եւ փառատօներու ժամանակ։ 


 

Այնպէս որ, անոր այցը Հայաստան, անշուշտ, նշանակալի իրադարձութիւն է։  Ի դէպ, ան այստեղ առաջին անգամը չէ. երաժշտասէրները հիացմունքով կը յիշեն Քոէնի երեւանեան համերգը 2017-ի մայիսին։ Ան նաեւ 1997-ին եկած է հիանալի ճազ դաշնակահար Չիք Քորէայի հետ: