Վալանսի դպրոցաշինութեան ի նպաստ դրամահաւաքի նախաձեռնութիւնը առիթ կ՚ընծայէ վերանայելու թէ մեր հասարակութեան մեծամասնութիւնը ի՞նչքանով ընդունակ է ըմբռնելու իր կոչումը, արժեւորելու տնտեսական ղեկավարութեան դրութիւնը, որմէ կախեալ է ներհամայնքային ծրագրերու իրագործումը։
Ինչ որ յստակ է այսօր, մեր հասարակութիւնը ի վիճակի չէ հասկացողութիւնը ունենալու հաւաքական եղանակով տնտեսավարելու իր համայնքային գործերը, ապահովելու համար գոյութիւնը հոգեմտաւոր արժէքներուն (լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ, քաղաքականութիւն, եւ այլն…) այլ խօսքով պապենական իր քաղաքակրթութեան՝ որուն ժառանգորդն է։
Իսկ ի՞նչ պէտք է հասկնալ տնտեսավարութեան հաւաքական եղանակ ըսելով…
Այն որ հասարակութեան մեծամասնութիւնը, առանց ստիպողութեան, իր կարողութեան չափով, մեծ թիւով, լայն մասնակցութիւն կը բերէ ներազգային ծրագրի մը իրագործման։
Արդեօք մեր հասարակութիւնը մի՞շտ ալ ի վիճակի չէ եղած հասկացողութիւնը ունենալու հաւաքականօրէն տնտեսելու իր ծրագրերը։ Պատասխանը չի կրնար ըլլալ միանշանակ։ Հասկացողութիւնները ենթակայ են նաեւ արտաքին շրջապատի ազդեցութեան։ Օրինակ այն ընկալումները որ միլլէթը ունէր Օսմանեան Սահմանադրութեամբ ներհայկական իր կեանքը տնտեսելու, չի՛ կրնար միեւնոյնը ունենալ այն երկիրներուն մէջ ուր ընկերային շրջապատը տարբեր է իր օրէնսդրութեամբ։ Ֆրանսայի պարագան ցայտուն օրինակ մըն է, տեղին է յիշել որ “համայնք” հասկացողութիւնը կիրարկելի չէ ֆրանսական օրէնսդրութեամբ։ Թոյլատրելին, Ֆրանսայի մէջ Associatif-Ընկերակցական ռեժիմն է, որ բնականօրէն իր ազդեցութիւնը կը գործէ տնտեսավարութեան եղանակին վրայ, հաւաքականի ըմբռնումը հատելով անհատականին հաշւոյն։
Ասոր համար է որ համայնական նախաձեռնութիւնները, մեր իրականութեան մէջ, յաճախ յաջողութիւն կը գտնեն անհատներու շնորհիւ։
Ունինք ատոր վառ օրինակը Ալֆորվիլի մէջ իրագործուածովը։ Երկու տարի առաջ Գէորգ Արապեան նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի շէնքի կառուցումը բարւոք աւարտին հասաւ շնորհիւ անհատ բարերարներու նուիրատւութեանց։ Անկախ դպրոցաշէն բարերարի իշխանական նուիրատւութենէն, որ ծախսերուն երկու երրորդը կ՚ապահովէր, այլ անհատ բարերարներ, որպիսիք են տիկիններ՝ Էմմա Աբրահամեան, Աղապէկեան լը Ռուա, Ազարեան, տէր եւ տիկին Պերճ եւ Զապէլ Յակոբեան, Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամ, բերին իրենց լայն օժանդակութիւնը։ Իսկ հասարակական խաւէն մասնակցողներուն թիւը, հայ լեզուի եւ մշակոյթի սիրահար, սրտցաւ հայորդիներու փոքրամասնութիւն մը կազմեց։ Անշուշտ ասոնց սրտաբուխ օժանդակութիւնը անուրանալի գնահատանքի արժանի է։
Վալանսի դպրոցաշինութեան պարագային ալ, մեծանուն բարերար Պարոն Գէորգ Արապեանի անհատական նուիրատւութեան շնորհիւ ծրագիրը սկիզբ առած է, եւ տարւոյս ընթացքին գործադաշտը կը բացուի։ Բայց կը մնայ հայթայթել շինարարութեան ընդհանուր ծախսին երկու երրորդը։
Վալանսի պարագային յոյս կայ որ ժողովուրդին լայն զանգուածը շարժի, հետեւելով հաւաքական եղանակով տնտեսելու դրութեան: Որքան ալ արտաքին շրջապատը իր ազդեցութիւնը գործէ դրութեան վրայ, միւս կողմէն կայ ներքին զգօնութիւնը. երբ հասարակութեան մեծամասնութեան մէջ արթննայ գիտակցութիւնը, բարի կամեցողութեան ներքին ուժը անպայման կը յաղթահարէ կացութիւնը։
Վալանսը պատճառներ ունի յաջողելու։ Հոս Հայերը տեղւոյն բնակչութեան մէկ տասներորդը կը կազմեն, աւելի խմբուած կ՚ապրին եւ յարաբերաբար աւելի հայախօս են։ Ի հեճուկս արտաքին ազդեցութիւններու, վերջապէս ներքին ուժը եւ ասոր գիտակցութիւնը ընդունակ կը դարձնէ հասարակութեան մեծամասնութիւնը, ըմբռնելու իր կոչումը, արժեւորելով տնտեսական ղեկավարութեան հաւաքական դրութիւնը։
Վալանսը յոյս կը ներշնչէ այս ուղղութեամբ։
Նորվան արք. Զաքարեան
«Նոր Յառաջ»