image

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ հարուածած է Սուրիոյ Ալ Սուայտա շրջանը. Սուրիական բանակը հակադարձեց հարուածներուն

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ  հարուածած է Սուրիոյ  Ալ Սուայտա  շրջանը. Սուրիական  բանակը   հակադարձեց  հարուածներուն

Ըստ «Սանա»  լրատուական  գործակալութեան Իսրայէլ  հերթական   անգամ սադրիչ  գործողութիւններ կատարած է  հարուածելով  սուրիական   շրջաններ։

 

 Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ, որ իսրայէլեան   օդուժը   հարուածած է   Տէր Զօրի եւ  Համայի գիւղական  հատուածները  եւ մասնաւորապէս Ալ Սուայտա   շրջանը։

 

«Սանա» նաեւ կը հաւաստէ, որ   սուրիական   բանակի    հաօդային   պաշտպանիչներ    կրակ բացած    եւ  ոչնչացուցած  են իսրայէլեան կարգ մը   հրթիռները։

 

 Հարուածները  թիրախ     դարձուցած են սուրիական  բանակին  պատկանող   կարգ մը դիրքեր,  որուն հետեւանքով ալ  գրանցուած են զոհեր։

 

 Իր կարգին «Ալ Արապիյա»  կայանը կը նշէ, որ  իսրայէլեան այս  հարուածները կը կատարուին   այն պահուն,  երբ    Իրանի կողմէ   ռազմական սարքեր  եւ   կարեւոր   քանակութեամբ  ռազմամթերք Սուրիա կը հասնին. Աղբիւրը  նաեւ չէ  բացառած, որ  Իսրայէլ  թիրախ  դարձուցած է     իրանեան  ռազմական  օգնութիւններու շարասիւնը։