image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան.«Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1867-ի

Հայաստան.«Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1867-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 59 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 28 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1867 է, արձանագրուած է մահուան 30 (աւելցած է եւս 1-ը) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 19 հազար 296 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 18-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 866։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 971 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 67 տարեկան եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։