Կառավարութիւնը կը նախատեսէ հինգ կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու դրամական աջակցութիւն տրամադրել՝ ընդհանուր 103,7 միլիոն դրամի։ Համապատասխան որոշման նախագիծն ընդգրկուած է կառավարութեան 13 փետրուարի նիստի օրակարգին մէջ։
Գումարը պիտի տրամադրուի 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն երեք եւ աւելի տոկոս ձայն հաւաքած առանձին կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու։
Գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ կերպ․
Իմ քայլը դաշինք – 78 միլիոն դրամ
Բարգաւաճ Հայաստան - 9,1 միլիոն դրամ
Լուսաւոր Հայաստան – 7 միլիոն դրամ
ՀՀԿ – 5,2 միլիոն դրամ
ՀՅԴ – 4,3 միլիոն դրամ
Կառավարութեան որոշման նախագիծը ներկայացուցած է տնտեսութեան նախարարութիւնը։