image

Հալէպի Ազիզիյէ քրիստոնէաբնակ շրջանը ծանր հրթիռարձակման թիրախ (Լուսանկարներ)

Հալէպի Ազիզիյէ քրիստոնէաբնակ շրջանը ծանր հրթիռարձակման թիրախ (Լուսանկարներ)

Այսօր Հալէպի մէջ դարձեալ հրթիռարձակման թիրախ դարձած է քրիստոնէաբնակ Ազիզիյէ թաղամասը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին համաձայն, ներկայ դրութեամբ կան 4 զոհեր եւ 25 վիրաւորներ, ցարդ հայ զոհերու մասին տուեալներ չկան:

Նշենք, որ 4-րդ օրն է, որ Հալէպի վրայ ահաբեկչական յարձակումները թէժացած են, ինչի հետեւանքով այսօր եւս հայկական դպրոցները իրենց դռները փակ պահած են: