image
Հրատապ լուրեր:

Երէկ դարձեալ ծանր գիշեր մը եղած է Պէյրութի համար

Երէկ  դարձեալ ծանր  գիշեր մը եղած է Պէյրութի  համար

 Երէկ    բախումներ գրանցուած են  Պէյրութի կեդրոնական   շրջաններուն մէջ։  Այս  մասին լուրը հաղորդեց   RLL  կայանը նշելով, որ ցուցարարներուն եւ      բողոքարարներու վրաններուն  մօտեցող   խռովարարներուն միջեւ  բախումներ գրանցուած են։

 Իր կարգին VDL  կայանը կը  հաղորդէ,  որ          խռովարարներուն  մէջ եղած են   խորհրդարանի պաշտպանութեան ջոկատի   ապահովական   տարրեր, սակայն  այդ մարմինը   հերքած է տարածուած լուրերը։

 

 Իրենց կարգին ապահովական մարմիններ   փորձած են վերահսկողութեան տակ  պահել իրադրութիւնը, իսկ երկրի   ներքին գործոց նախարարի  պաշտօնակատար  Ռայա  Հասան     ցուցարարներուն  կոչ ըրած է  հեռու մնալ խճողուած   վայրերէն      նշելով, որ   խռովարար   տարրեր կարողացած են   թափանցել   ցուցարարներուն մէջ։

 

 

 Յիշեցնենք, որ       վաղը      դեկտեմբերին իր լրում  կը հասնի     Լիբանանի մէջ ընթացք  առած  բողոքի  ալիքին  երկրորդ ամիսը։

 

 

 Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք  ցուցարարները   կը շարունակեն  պահանջել  բոլոր քաղաքական   դէմքերու հեռացումը,  ինչպէս նաեւ անկախներու կառավարութեան մը կազմութիւնը։