image

Հալէպի քրիստոնեաները իրենց տուները կը վերադառնան

Հալէպի քրիստոնեաները իրենց տուները կը վերադառնան

Հալէպի Քլտան համայնքի եպիսկոպոս Անթուան ​​Ուտօ խօսելով Հալէպի քրիստոնէութեան մասին, նշած է, որ «Հալէպի ժողովուրդի վստահութիւնը՝ իրենց քաղաքի վիճակի կայունութեան նկատմամբ հիմա արդէն ամրապնդուեցաւ», ակնարկելով, վերջին շրջանին քրիստոնեայ ընտանիքներու նկատելի թիւերով Հալէպ վերադարձին:

Եպիսկոպոս Անթուան ​​յայտնած է, որ « ուղղակի ռմբակոծութիւնները Հալէպի վրայ դադրած են, ի տարբերութիւն անոր արուարձաններուն, եւ իրավիճակի յարաբերական բարելաւումը քաջալերեց  որոշ ընտանիքներ Լիբանանէն եւ Սուրիական տարբեր շրջաններէն Հալէպ վերադառնալ, ուր անոնք ապաստանած էին վերջին տարիներու ընթացքին»:

 

Ան աւելցուցած է. «Սուրբ շաբաթուան եւ  Զատիկի տօնին եկեղեցիները դարձեալ սկսան մարդով լեցուիլ: Իհարկէ,  խօսքը վստահօրէն լայնածաւալ վերադաձներու մասին չէ, սակայն կասկած չկայ, որ այս մէկը՝  ողբերգական վիճակի մէջ յոյսի առաջին նշոյլն է», աւելցնելով, որ «խմելու ջուրը վերադարձած է  քաղաք եւ մօտ մէկ ամիսէ ի վեր հասանելի է, սակայն ելեկտրականութիւնը տակաւին չկայ եւ մարդիկ անգործ են եւ ամբողջապէս կը վստահին մարադասիրական օգնութիւններուն»:

 

Ան իր խօսքը փակելով ըսած է. «Հիմա, երբ իրավիճակը քիչ մը բարելաւուած է, աւելի անհրաժեշտ դարձաւ օգնութիւն տրամադրելը, նկտի ունենալով որ շատ աւելի քրիստոնեաներ իրենց տուները վերադառնալու մասին կը մտածեն: Կը յուսանք, որ ժամանակը եկած է Հալէպի եւ Սուրիոյ նոր վերածնունդին, հասնելով քաղաքական լուծումի եւ վերջ տալով  մեր երկրի ոչնչացման ձգտող ծայրայեղական խմբաւորումներու աջակցութեան»: