image

Հալէպահայ գաղութի ղեկավարութեան դէմ հնչած մեղադրանքները ընդունելի չեն. Համբիկ Ճապաղջուրեան

Հալէպահայ գաղութի ղեկավարութեան դէմ հնչած մեղադրանքները ընդունելի չեն. Համբիկ Ճապաղջուրեան

«Հալէպահայութեան իրավիճակը սուր է: Եթէ գաղութային առումով տեղաշարժ պիտի ըլլայ, այդ միայն պետական մակարդակով կարելի է նախաձեռնել եւ իրագործել: Իսկ եթէ պետական մակարդակով բան մը չնախաձեռնուի, այսպէս ցիրուցան, այսպէս հատուկտոր, այսպէս միշտ տագնապալի իրավիճակի դէմ հանդիման կ′ըլլանք»,- «Արեւելք»-ին յայտնեց Համբիկ Ճապաղջուրեան, նշելով, որ հայ իրականութեան մաս կազմող ոչ մէկ կազմակերպութիւն, որքան ալ հզօր ըլլայ, գաղութ մը տեղաշարժի ենթարկելու կարողութիւն չունի:

Ան, անդրադառնալով սուրիահայութեան շուարած վիճակին, յայտնեց, որ եթէ պետական նախաձեռնութիւն եղած ըլլար, պետական մտահոգութիւն եղած ըլլար, հալէպահայութեան կամ սուրիահայութեան իրավիճակը, կամ նոյնիսկ նախապէս իրաքահայութեան իրավիճակը այսպէս ծանր պիտի չ′ըլլար: «Անոնք, որոնք Հայաստան հասան, նուազագոյնը պէտք էր այնտեղ մնային: Այսօր պիտի ըսեն ամէն բան ըրինք, տրամադրեցինք, բայց ըստ երեւոյթին ո՛չ տրամադրուած էր, ո՛չ ալ գոհացուցիչ պայմաններ ստեղծուած էին»,-ըսաւ Ճապաղջուրեան, նշելով, որ բոլոր սուրիահայերը չեն, որ մեծ գործ նախաձեռնելու ի վիճակի են, անոնց մեծամասնութիւնը համեստ արհեստաւորներ են: «Գաղութին մեծամասնութիւնը համեստ արհեստաւորներ էին, որոնց տունն ու տեղը հիմա քանդուած է, որոնց հետ քանի մը հազար տոլար կար, շատ կարճ ժամանակի մէջ զեռոյի հասան, ստիպուած էին գաղթել: Հիմա նոյնն է պարագան: Ո՞վ ըսաւ, որ դրամատէր են: Ամէն մարդ, որ 10 միլիոն սուրիական արժողութեամբ տուն ունէր, այսօր այդ տան գինը 3 միլիոնի իջած է, այս գումարը հազիւ զինք Հայաստան հասցընէ, բայց ինչպէ՞ս պիտի ապրի»,- ըսաւ մեր խօսակիցը:

Անդրադառնալով վերջերս համացանցի վրայ տարածուած գրառումներուն՝ հալէպահայ ղեկավարներու նկատմամբ, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը նշեց, թէ քանի մը օրէ ի վեր ընկերային ցանցերու վրայ մեղադրական գրառումներ եւ յօդուածներ կը կարդանք Հալէպի ղեկավարութեան հասցէին: Ան այս առումով ըսաւ. «Եթէ ղեկավարութիւնը ի վիճակի չէ իր առած որոշումը արդարացնելու, այդ որոշումը առնելու իրաւունք չունի»,-բացատրելով, որ եթէ ղեկավարութիւնը գաղութը պարպելու որոշում պիտի առնէ, պէտք է անոր տէրը ըլլայ, իսկ եթէ չի կրնար անոր տէրը ըլլալ այդ որոշումը առնելու իրաւունքը չունի: «Այսօր, եթէ ղեկավարութիւնը ըսէ հալէպահայութի՛ւն, քեզ պիտի տեղափոխեմ, ո՞ւր պիտի տանի, ինչպէ՞ս պիտի տանի, ինչո՞վ պիտի գոհացնէ: Ճիշդ է, որ ղեկավարներէն մաս մը իրենց զաւակները դուրս ղրկած են, սակայն իրենք տեղերնին են, պարտականութենէ չեն փախած, ո՛չ աշխատավարձ կը ստանան, ո՛չ ալ մարդասիրական օգնութիւններ: Արդար չէ այս մեղադրանքը: Շատերուն ընտանիքները դուրսն են: Ի՞նչը զիրենք կը ստիպէ մնալ հոն, եթէ ոչ այդ պարտականութեան գիտակցութիւնը եւ ստանձնած գործը կատարելու պատրաստակամութիւնը»,- ըսաւ ան, յստակացնելով, որ ինք չըսէր թէ գացողները անգիտակից էին, բայց կը մատնանշէ, որ մարդիկ կան այսօր, որոնք գործի վրայ են:

 

Մեղադրանքներու այս տարափը անարդար համարելով Ճապաղջուրեան, ըսաւ. «Պատկերացո՛ւր, որ համայնքը ներկայացնող մարդ մը հրապարակէ, թէ Հալէպը խուճապալի վիճակի մէջ կը գտնուի: Իսկ այն մարդիկ, որոնք աղաղակներ բարձրացուցին, զիրենք Հալէպէն փրկելու, արդեօք դիմած ե՞ն հիւպատոսարան կամ ուրիշ տեղ՝ զիրենք տեղափոխելու, թէ ոչ կը սպասէին, որ օդապարիկ մը գայ եւ զիրենք տանի»: Ան որպէս լուծում, մէջբերեց տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանի կողմէ նախապէս հնչած խօսքը, թէ ղեկավարութիւնը չի կրնար ըսել մնացէք, բայց գացողին ալ չի կրնար պարտադրել, որ մնայ:

 

«Իմ կարծիքովս, ստեղծուած այս տաղտուկին եւ ըսի-ըսաւներու շարանին իբր հետեւանք, հաւանական է որ որոշ կողմեր սկսին մտածել գաղտնաբար, ոչ պաշտօնական, որ ղրկեն, շարժեն, օժանդակեն տեղէն շարժելու, քանի որ այսօր Հալէպի մէջ վիճակը անտանելի եղաւ, գալիք օրերն ալ կրնան թէժ ըլլալ: Կը կրկնեմ՝ հաւանական է, ստոյգ տեղեկութիւններ չկան: Ծովուն վրայ նոր կուտակումները, ի զուր չեն: Աշխարհը իր ամբողջ դրուածքով, մէկ բանի կը հաւատայ, որ Հալէպէն մինչեւ Չինաստան պիտի հասնի այս ալիքը, բայց այս ճանապարհին ո՞ր քաղաքները զոհ պիտի երթան, չենք գիտէր: Այդ իսկ պատճառով բոլորը կ′ուզեն այս կռուախնձորը ձեռք ձգել»,-եզրափակեց «Արեւելք»-ի զրուցակիցը: