image

Հալէպահայ Վարդան Պոյաճեան կարիք ունի մեր օգնութեան (Տեսանիւթ)

Հալէպահայ Վարդան Պոյաճեան կարիք ունի մեր օգնութեան (Տեսանիւթ)

Սուրիական պատերազմին ընթացքին, Հալէպի մէջ հայրական տունը կորսնցնելէ ետք, ընտանեօք Լիբանան, այնուհետեւ Հայաստան գաղթած Վարդան Պոյաճեանը արդէն 7 ամիս է` կը բնակի Երեւան, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի հիւրատան մէջ:

Հայաստանի մէջ աշխատանք չգտնելու պատճառով, կինը, 2 անչափահաս երեխաներուն հետ վերջերս վերադարձած է Լիբանան:

51-ամեայ Վարդանը ընտանիքի հետ չէ կրցած վերադառնալ Լիբանան, որովհետեւ Հալէպի մէջ իր մօտ յայտնաբերուած Hepatitis C արեան հիւանդութիւնը Հայաստանի մէջ գլուխ բարձրացուցած է: Հայաստանի բժիշկները խորհուրդ տուած են շտապ սկսիլ բուժման շրջանը, բայց Վարդան նախնական փուլի բուժման գումարը ( 2500 տոլար) չունի: Կ'ըսէ, որ Հալէպի մէջ արիւն յանձնած է վիրաւորներուն եւ վարակուած դժուար բուժելի համարուող Hepatitis C-ով:

Մեր հայրենակիցը մի քանի անգամ դիմած է սփիւռքի եւ առողջապահութեան նախարարութիւններ եւ պատասխան ստացած, որ հայաստանեան որեւէ հիւանդանոցի մէջ այդ հիւանդութեան անվճար բուժումը չկայ:

Մասնագիտութեամբ շինարար եւ հիւանդութեան պատճառով անաշխատունակ դարձած Պոյաճեան բուժման առաջին փուլը ընդունելէ ետք կ'ուզէ միանալ իր ընտանիքին: Ան կ'ըսէ, որ հոն գոնէ իր գիտցած երկու լեզուներով՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն, կրնայ աշխատանք գտնել: Վարդան, իր ամէնօրեայ սնունդին համար յաճախ կը դիմէ եկեղեցւոյ հիւրատան: Իր ծախսերը հոգալու համար ալ կը վաճառէ Սուրիայէն իր հետ բերած մանր մունր կենցաղային իրերը:

Երեխաներու նկարներով ու խաղալիքներով զարդարուած երեւանեան չորս պատերուն մէջ Վարդան օրը կ'անցընէ Աստուծաշունչ կարդալով եւ ընտանիքին հետ հեռախօսով խօսելով:

 

Մանրամասնութիւնները՝ ստորեւ.

 

 


 

 

Նշենք, որ Վարդան Պոյաճեանին մասին տեսանիւթը պատրաստած է «Ազատութիւն» կայանի լրագրող Նարինէ Ղալէչեան: Օգնելու համար դիմել «Ազատութիւն» կայան լրագրողին: