image

Հալէպահայ տասնեակ ընտանիքներ Քեսապ հասած են

Հալէպահայ տասնեակ ընտանիքներ  Քեսապ  հասած են

Հալէպահայ տասնեակ ընտանիքներ Քեսապ  ժամանած են: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը  նաեւ նշեց,  որ   հալէպահայ   ընտանիքներու  Քեսապ   ժամանումը, որպէս  խուճապ  պէտք չէ ընկալել, որովհետեւ այդ ընտանիքներէն շատեր  տուներ ունին  Քեսապի մէջ եւ ամէն  ամառ իրենց  հանգիստը հոն կ'անցընեն:   Կը նշուի նաեւ, որ   շուրջ  տասը ընտանիքներ  Հալէպի մէջ տիրող  իրադրութեան  հետեւանքով մեկնած  են Քեսապ եւ վարձու տուներու մէջ հաստատուած են: Կան  տեղեկութիւններ նաեւ, որ աւելի վաղ Հալէպէն Քեսապ  ժամանած կարգ  մը ընտանիքներ  գաղթած են դէպի Գանատա: Ներկայ  պահու դրութեամբ Քեսապի մէջ ապահովական իրավիճակը կարելի է  գնահատել, որպէս կայուն:

Հալէպի   մէջ  եւ անոր շուրջ   պատերազմական  գործողութիւնները կը շարունակուին,  երէկ    Հալէպի  հայկական  թաղամասերուն վրայ կատարուած հրթիռարձակումներուն  հետեւանքով  զոհուեցաւ   Ռաֆֆի   Պչաքճեանը:

 

 

Լուսանկարները ՝ «Արեւելք»ի