image
Հրատապ լուրեր:

«Իմ անունս է Պայքար եւ վախճանս՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿ»...

«Իմ անունս է  Պայքար եւ վախճանս՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿ»...

 

Երբեք ալ պիտի չուզէի Ծաղկազարդի օրս սկսիլ այս մտորումներով, բայց ինչ առած։
Խօսքը Արմէն Գրիգորեանի կողմէ հնչեցուած Թուրքիոյ հետ «շտկումներ»ու մասին է, որ կարծիքովս քննարկումներու, նոյնիսկ բռնկումի նոր տիսքուրս մը պիտի բանայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան մէջ։
Ու այս առումով մարդ ինչքան ալ փորձէ լրագրական կանոնները պահպանել անկարող է վրդովմունքով չխօսիլ։
Այս մօտեցումը պարոնայք, որուն թելերը կրնան շատ հեռուէն գալ կ՚ենթադրեն «լեզու գտնել»ու բրոսէս մը սկսիլ այսօրուան Թուրքիոյ հետ, առանց հարց տալու, կամ թոյզն իսկ անկեղծանալու ժողովուրդին հետ։
Նոյն ձեռագիրն էր պատերազմի ատեն եւ նոյնը կը շարունակուի հիմա։
Քուլիսներու ետին «խաղեր» պատրաստել ու կամաց- կամաց այդ խաղը ներկայացնել ու ըսել ՝ «ունինք այն ինչ, որ ունինք»։
Անշուշտ այս բոլորը կրնան տեղի ունենալ օգտուելով Հայաստանի հանրութեան մէջ դեռ մնացած այն տոկոսին, որոնք զօրավվիգ են այս իշխանութեանց եւ ունին մէկ «տարտ», որն է ՝ «ամէն բան ըլլայ, միայն թէ նախկիննները յանկարծ չվերադառնան...»
Այստեղ կը ծագի հարց Թուրքիոյ հետ շտկ՞ել, ինչը շտկել պարոնայք ...
«Շտկե՞լ» այսքան վէրքի վրայ եւ այսքան կորուստի...
«Շտկե՞լ» երբ այդ երկիրը ամէն գնով եւ վայրագաբար յաճախ արիւնով միջամուխ կ՚ըլլայ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Յունական ջուրերու նաւթի հարցերուն մէջ։
«Շտկե՞լ», երբ իր քայքայուած տնտեսութիւնը շղարշով ծածկելու համար Անգարա հալածանքի նոր ուղեգիծ կ՚որդեգրէ, երկխօսութեան, եւ ոչ զինեալ պայքարի հաւատացող HDP-ին հետ։
«Շտկե՞լ», երբ Ցեղասպանութեան ուրացումը կը շարունակուի եւ հազարաւոր թուրք գործիչներ, որոնք կը ճանչնան Ցեղասպանութեան փաստը կը մնան բանտի ճաղերու ետին ու աքսորի մէջ։
«Շտկե՞լ», երբ Արցախի մէջ թափուած արիւնը տակաւին չէ չորցած, եւ որուն հիմնական «դերակատար»ը եղած են թրքական արդիական զէնքերն ու բարձրաստիճան զօրավարները։
Ի՞նչը շտկել, ըսէք մէյ մը հասկնամ ...
Մէկ բան պարզ է ինծի համար, եւ նոյնիսկ գիտակցելով եւ ճանչնալով այսօրուան Թուրքիան, մենք իրաւունք չունինք տեղի տալու մեր սկզբունքայնութենէն...
Գործընկերութիւն կ՚ընենք, լեզու կը գտնենք, ճանապարհ կը բանանք, բայց այդ բոլորը այս կերպ չեն ըլլար։
Արժանապատիւ թշնամութենէն ետք, որ հարիւր տարի մեր երակներէն կը հոսի, այսքան ստորաքարշ բարեկամութեան մը «աւետիս»ը չեն տար, որովհետեւ այս ստորաքարշ մօտեցումը աւելի է մահացու եւ աւելի է վտանգաւոր, քան արժանապատիւ թշնամութիւնը։
Ու այս բոլորէն անդին, հարկ է, որ Թուրքիոյ հետ ցանկացած խօսակցութիւն ըլլայ բաց եւ հանրայնացուած։
Մենք պէտք է իմանանք, թէ ինչ կը խօսուի, ինչ բանակցութիւն կ՚երթայ եւ ինչ են յետին նպատակները այս բոլորին։
Նոյնիսկ եթէ Ռուսաստանը ջատագովը ըլլայ այդ նոր համակեցութեան, մենք իրաւունք չունինք տեղի տալու եւ յանձնուելու...
Այսօր թոյլ ենք, վիրաւոր ենք, ընկճուած ենք, ճիշդ է, բայց ոչ մէկ բան յաւիտենական է, այսօրուան Թուրքիան եւ իր առաջնորդն ալ յաւիտենական չեն։
Քաղաքականութեան մէջ, առանց հաւատամքի, առանց պայքարի հունտի առաջ երթալը, տեղ չի տանելու ու ես աւելի քան վստահ եմ, որ նոյն այդ շտկումներու փորձերը, քաղաքական ընկալումները եւ դէպի Թուրքիա նոր «սիրայօժար» արեւելում մ՚ունենալը դատապարտուած են մահուան։
Նոյնը եղած է այլ տեղեր, բոլորովին այլ պայմաններու տակ եւ բոլորովին այլ ձեւաչափերով ի վերջոյ չի մեռնիր պայքարի այն հունտը, որ այս աշխարհիս վրայ ունի նոյնիսկ մէկ հետեւորդ...։
Յ.Գ. Ինծի համար շատ կարեւոր է, որ սփիւռքի մէջ հարիւր տարի պայքարի կրակը վառ պահած եւ գաղափարի հնոցէն իրենց կրակները առած գործիչները, անունները, տեսակէտ ստեղծող հատուածները, եւ գործ արարող հայրենասէրները ինչ կը մտածեն այս մասին։ Եւ ասոր համար էր նաեւ, որ աւելի վաղ գրած էի ու դեռ կը գրեմ, որ մենք ամուր եւ ուժեղ սփիւռքի արժէքը պէտք է գիտնանք, որովհետեւ առանց այդ սփիւռքին տեսէք հիմա օրինակ, ինչ պայմաններու տակ եւ ինչ խաղերով Հայաստանի իշխող մեծամասնութեան քաղաքական կամքը կամ «բանտուած» է, կամ ալ «կամովին աքսոր»ի ճանապարհը բռնած...
«Ի՜նչ է հոգին, հայու հոգին...» կը հարցնէր բանաստեղծ Վահան Թէքէեան, ես պատասխանը տամ ՝ «Իմ անունս է պայքար եւ վախճանս է յաղթանակ...»
Յ.Գ.1Քիչ մը ռատիքալիստ թող թուիմ, աւելի լաւ է, քան թէ խիղճի ցաւը խեղթէ իմ կոկորդս՝ յանուն իմ եւ ձեր բիւրաւոր նահատակներուն...։