Նաթալի Քէնտիրճեան կը գրէ ՝
«Երբ ճար չկայ կռուից բացի՝
Կռուով ապրենք ու մեռնենք:
Նեցուկ եղէք այսօր դուք մեզ,
Հայոց ժայռեր ու լեռներ»
Մ. Մուրատեան
Սեպտեմբեր՝ 1915, Մուսա լեռ
Մուսալեռցին ինքնապաշտպանութեան զէնք բարձրացուց թուրքին դէմ: Բարձրացաւ լեռ՝ մերժելով աքսորի ճամբան բռնել:
Բարձրացաւ կռուելու, պայքարելու եւ յաղթելու: Բարձրացաւ ու բարձրացուց հարթելով Սարդարապատի ու Մայիս 28-ի ճանապարհը:
Յուլիս՝ 1939, Մուսա լեռ
Մուսալեռցին մերժելով թուրքին գերին դառնալ՝ նախընտրեց տեղահան ըլլալ ու հաստատուիլ կիսանապատային, ճահճային վայր մը՝ վերածելով զայն փոքրիկ դրախտի:
Եւ այսօր Այնճարն ու այնճարցին ոչ միայն լեռ մը եղան այլ սփիւռքահայութեան համար անոնք եղան լեռներ ու սարեր:
Մուսալերան հերոսամարտը, հայ դատի պայքարն է որ չէ աւարտած: Պայքարն է գոյատեւելու, պայքարն է յաղթահարելու ամէն տեսակի մարտահրաւէրները:
Թող այս պայքարը դառնայ փարոս եւ անով ներշնչուինք ու պայքարինք օտարամոլութեան դէմ, անապահովութեան, համայնքային խտրականութեան եւ անձնակեդրոնացման, յարատեւութեամբ ու տոկունութեամբ:
«Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»:
Նաթալի Քենտիրճեան
Այնճար