Մարտ 11-ին, ժամը 10․40-ին, ոստիկանութեան կառավարման կեդրոնէն Նաիրիի բաժին հաղորդում ստացուած է․ 1-02 ահազանգած անձը յայտնած է, որ տղամարդ մը կը հետապնդէ նախկին կինը:
Ոստիկանութենէն կը յայտնեն, որ նոյն դէպքի վերաբերեալ ստացուած այլ հաղորդումներու համաձայն` հետապնդուող կինը տեսած են Կոտայքի մարզի Զովունի գիւղի դպրոցին մօտ, ուր պայթումի ձայն լսուած է:
Ոստիկանութեան Նաիրիի բաժինէն դէպքի վայր մեկնած խումբը Զովունիի դպրոցի մօտ յայտնաբերած է 1976 թուականին ծնած Նելլի Ն․-ի եւ 1976 թուականին ծնած Արտակ Դ․-ի դիերը: Նախնական տուեալներով` անոնց մահը նռնակի պայթումի հետեւանք է: