image

Զօր. Դրոյի այցը ՝ Սուրիա

  Զօր. Դրոյի այցը ՝ Սուրիա

  Այո՛ Սարաժը շատ լաւ գիտէր այս բոլորը եւ իրականութիւնը,ինքը հայատեաց էր,անունը վկայ՝ Ապտիւլ Համիտ 

1960-1961 թուականներուն ,Սուրիա եւ Եգիպտոս միացեալ հանրապետութիւններ էին:Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ),այդ թուականներուն Եգիպտոսի առաջնորդ Ժամալ Ապըլ Նասէր իշխանութեան ժամանակ,ազատ կը գործեր

 Զօր. Դրօն եւ Սօսէ ,Մայրիկը Եգիպտոս ,կ՚ապրէին:

 Միացեալ Նահանգներ ապրող ազգային բարերար Ճօրճ Մարտիկեան եւ նախագահ Ժամալ  Ապտըլ Նասէր շատ մօտիկ բարեկամներ էին:

   Ի միջի այլոց Մարտիկեան  1951 թուականին ,հիմնադիր ու բարերարը եղած է  Դամասկոսի Զաւարեան Ազգային վարժարանին։Փոքր էի,Լաթաքիոյ հայոց հոգետան մէջ ուրախութիւն էր, Եգիպտոսէն ժամանած էր,հերոսուհի Սօսէ Մայրիկը ,իր ազգական Մկրտիչեան ընտանիքին այցելութեան:

   Շատ լաւ կը յիշեմ,հերոսուհի մայրիկին ,որուն նուիրուած երգը ,միշտ կերգէինք:Ու մինչեւ օրս եւ յաւիտեանս յաւիտեանս պիտի սիրեմ ու երգեմ ամէն ուրախ առիթին: Այդ թուականին, Սուրիան, իսկական իշխողը  Ներքին Գործերու Նախարար Ապտըլ Համիտ Սարաժն էր ու այդ տարիներուն,Սուրիա յեղափոխութիւններու շրջան կ՚ապրէր: Գիշեր մը,անակնկալ Սարաժի գաղտնի սպասարկութեան մէքենան,կալանաւորեց ,Սուրիոյ հայ երեւելի Դաշնակցական կուսակցականներու, ինչպէս նաեւ շարք մը համակիրներու։ Ձերբակալուածներուն մէջ կային բժիշկներ եւ  փոքր տնտեսվարներ։ Ես ականատես եղած եմ այդ բոլորին ,եւ եղածը ամբողջ զրպարտութիւն էր։ 

 Ձերբակալուածներուն դէմ ուղղուած մեղադրանքը այն էր, որ անոնց մօտ գտնուած է  քանի մը ատրճանակ եւ երկու հաղորդակցութեան գործիք,որոնք նոյնիսկ  չէին օգտագործուած։Ի դէպ նոյնը կը կատարուարէր Հալէպի եւ Գամիշլիի մէջ։  Մէկ երկու օր տեւեց,մինչեւ, որ լուր տարածուեցաւ եւ շատերը ազատ արձակուեցան։

Այո՛ ՀՅԴ ղեկակար, Դաշնակցական վրիժառուն եղած է Հալէպ,Դամասկոս եւ իր հետ հանդիպողները,մեծ հպարտանքով պատմած են մեծանուն Դրոյին մասին: Շատ քիչեր մնացին Դամասկոսի բանտը, որ յայտնի էր  «Գալաա» անունով (հայերէնով ՝ բերդ)։

 Այդ օրերուն էր նաեւ, որ բժիշկ Գեղարդ Մաթոսեանի անձնական , մեքենայով մեծ եղբօրս հետ գացած ենք Դամասկոս  եւ ուտելիք տարած  հոն բանտարկուածներուն եւ շատ լաւ կը յիշեմ, որ այդ գործի յաջողութեան նպաստեց Համիտիէի «փակ շուկա»ի հայ վաճառականներէն երջանկայիշատակ՝ Յ.Սաքաճեանը։

Սարաժի ժամանակ էր,որ անհասկնալի մահապատիժ տրուած էր ,Սուրիոյ եւ ապա Լիբանանի Երեսփոխանին,Մուսա լերան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներէն՝ Մովսէս Տէր Գալուստեանին ( Ծածկանունը՝ Ա. Լէյլանի)։

 Լսած եմ նաեւ, որ շատ մը անմեղներ չարչարանքի տակ մահացան (Այդ ժամանակ կիրով լեցուած ջրի մէջ կը նստեցնէին):

  Այո՛ Սարաժը շատ լաւ գիտէր այս բոլորը եւ իրականութիւնը,ինքը հայատեաց էր,անունը վկայ՝ Ապտիւլ Համիտ 

 Մէկ տարի ետք, երբ բաժանումը   (արաբերէնով՝ «Ինֆիսալ») եղաւ,Սուրիան դուրս եկաւ Սուրիա -Եգիպտոս միութիւնէն եւ բոլոր Դաշնակցական Բանտարկեալները  արդարացուեցան եւ ազատ արձակուցան , անմեղ նկատուելով:

Մի քանի անմեղներ մահացան քանի,պարտադիր սուտ վկայ չուզեցին դառնալ։

  Ես կը յիշեմ նաեւ, որ Զին.դատաւորը ,որ մտերիմ էր Տօքթ. Գեղարդին, որ անմեղ հռչակեց  բոլորը։ Եղածը Ապտըլ Համիտ Սարրաժի սադրանքն էր,որ ապա կանչուեցաւ Եգիպտոս և հեռացուեցաւ ,քաղաքական կեանքէն:Այնտեղ ալ մահացաւ ու թաղուեցաւ: 

Ու այդ շրջանէն ետք տեղի ունեցան բազմաթիւ յեղաշրջումներ, մինչեւ որ 1970-ին  տեղի  ունեցաւ «Բարենորոգչական» շարժումը գլխաւորութեամբ Սուրիոյ խոհեմ առաջնորդ Զօր. Հաֆէզ Ալ Ասատի ու այդ շրջանէն ետք ալ նոր էջ մը բացուեցաւ ամբողջ սուրիահայութեան համար։ 

 

Տօքթ.Նորայր Մանճեան