Ժամանակն է, որ Հայաստանը վաւերացնէ Իսթանպուլեան համաձայնագիրը, որ կ'առաջարկէ իրաւական հիմք կանանց հանդէպ բռնութեան դէմ պայքարի համար։ Այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դեսպան Անտրեա Վիքթորինը «Կենտերային բռնութեան կանխումը Հայաստանի մէջ» ազգային համաժողովին, որ կազմակերպած է կանանց հանդէպ բռնութեան դէմ դաշինքը։
Միջոցառումը տեղի կ'ունենայ «Հայաստանի մէջ իրաւապաշտպան կանայք քայլեր կը ձեռնարկեն կենտերային բռնութեան դէմ» 2020-2022-ի նախագիծի ծիրին մէջ, որ կ'իրականացուի Եւրամիութեան ֆինանսաւորմամբ։
«Ժամանակն է, որ Հայաստանը վաւերացնէ Իսթամպուլեան համաձայնագիրը, որ կ'առաջարկէ պայքարի միջավայր եւ իրաւական շրջանակներ։ Մենք միասին պէտք է դիմակայենք այն մարդիկ, որոնք կ'ըսեն, թէ այդ քաղաքականութիւնը ճիշդ չէ։ Անհրաժեշտ է յստակ հակախտրական իրաւական հիմք։ Սա այն է, ինչ մեզի պէտք է այստեղ՝ Հայաստանի մէջ»,- ըսած է դեսպանը։
Անոր խօսքով՝ ընտանիքն այն տեղն է, ուր ամէն մէկը պէտք է ինքզինք անվտանգութեան մէջ զգայ։
Դեսպանը նշած է, որ բռնութիւնը կը սկսի այնտեղ, ուր կայ լռութիւն։
Երիտասարդներուն պէտք է սորվեցնել, թէ ինչպէս պէտք է յարգել իրարու եւ ըսել, որ չկան տարբերութիւններ տղամարդոց եւ կանանց միջեւ, աւելցուցած է Վիքթորինը։