image

Կարեւոր այց ՝ ճիշդ ժամանակին. Յ. Բագրատունի այցելեց Լիբանանի բանակի հրամանատարին

   Կարեւոր այց ՝ ճիշդ ժամանակին. Յ. Բագրատունի այցելեց Լիբանանի  բանակի հրամանատարին

Այցը քաղաքավարական այց մը ըլլալէ անդին անշուշտ կը կապուի Լիբանանի մէջ մօտիկ  օրերուն ընթացք առնելիք գործընթացներուն ու յատկապէս նախագահական սպասուած ընտրութիւններուն հետ։ 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ՀՅԴ- Լիբանանեան բանակ կապը եղած է միշտ կայուն եւ ամուր  յատկապէս, որ բոլոր ժամանակներուն ՀՅԴաշնակցութիւնը իր անմնացորդ նեցուկը յայտնած է երկրի կայունութիւնը ապահովող  եւ թիւ մէկ երաշխիք համարուող լիբանանեան բանակին։

Լիբանանեան   Խորհրդարանի  «Հայկական երեսփոխական պլոք»ի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի   այսօր այցելութիւն մը տուած է Լիբանանեան բանակի Ընդհանուր Հրամատանար Զօր. Ժոզեֆ Աունին։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Յ. Բագրատունիի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝ 

 

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան այցելեցին բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեցին երկրի ընդհանուր կացութիւնը եւ յառաջիկայ զարգացումները:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը զօր. Աունին յայտնեցին ՀՅ Դաշնակցութեան անվերապահ զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին` իբրեւ երկրի գոյութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովութեան անտեղիտալի պաշտպան, որ հակառակ տիրող խոր տագնապներուն, կը շարունակէ ազգային իր պարտականութիւնը բծախնդիր կերպով կատարել:

Զօր. Աուն ՀՅԴ պատուիրակութեան ըսաւ, որ բանակը, հեռու քաղաքական բեւեռացած իրավիճակէն, պիտի շարունակէ առաւելագոյն չափով իրեն վստահուած առաքելութիւնը կատարել` դէմ կանգնելով երկրին անդորրութիւնը խանգարել փորձող որեւէ ոտնձգութեան:

Քննարկումի նիւթ դարձան ծովային սահմանագծումի խնդիրը եւ զինեալ ուժերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: