image

Զելենսքին յաւելեալ ուժ կը խնդրէ ՆԱԹՕ-էն

Զելենսքին յաւելեալ ուժ կը խնդրէ ՆԱԹՕ-էն

Արեւմտեան երկիրներու՝ Ուքրանիոյ հրասայլեր մատակարարելու մտադրութեան մասին յայտարարութենէն ետք նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին սկսած է հրթիռներ ու օդանաւեր եւս խնդրել։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն՝ յղում ընելով Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի պաշտօնական կայքին։

«Այսօր ես խօսած եմ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկի հետ: Մենք պէտք է ապաշրջափակենք Ուքրանիոյ հեռահար հրթիռներու մատակարարումը․ մեզի համար հրետանիի ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելը կարեւոր է, մենք պէտք է հասնինք Ուքրանիոյ օդանաւեր մատակարարելուն», -ըսուած է կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Ինչպէս նշած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Եուրի Սաքը, Ուքրանիան կ'ուզէ կործանիչներ ստանալ Արեւմուտքէն։

«Եթէ մենք կործանիչներ ստանանք, առաւելութիւնները մարտի դաշտի մէջ հսկայական կ'ըլլան։ Ատոնք պարզապէս F-16-ներ չեն. մեզի անհրաժեշտ է չորրորդ սերունդի օդանաւեր», -ըսած է ան Reuters գործակալութեան հետ զրոյցին: