Վլատիմիր Զելենսքին ըսած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակայարձակողական գործողութիւններ տեղի կ'ունենան, սակայն հրաժարած է նշել, թէ որ փուլի մէջ են այդ գործողութիւնները։
«Ուքրանիոյ մէջ տեղի կ'ունենան համապատասխան հակայարձակողական եւ պաշտպանական գործողութիւններ, թէ որ փուլի մէջ են, ես մանրամասն չեմ խօսիր: Կը կարծեմ, որ մենք այդ անպայման կը զգանք»,-ըսած է ան Քիեւի մէջ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հետ մամուլի ասուլիսին։
Ուրբաթ օր ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին լրագրողներուն ըսած էր, որ սկսած է ուքրանական զօրքերու հակայարձակումը, որու վկայութիւնն է Քիեւի կողմէ ռազմավարական պահուստներու օգտագործումը։