image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքիի Հայաստան «նախատեսուած» այցին մասին ՀՀ ԱԳՆ-էն արձագանգ

Զելենսքիի Հայաստան «նախատեսուած» այցին մասին ՀՀ ԱԳՆ-էն արձագանգ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնն արձագանգած է տարածուող լուրին, թէ կը նախատեսուի Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի այցը Հայաստան։

«Կարող եմ ասել, որ բարձրաստիճան այցերի մասին պատշաճ ժամկէտներում պաշտօնապէս իրազեկւում է»,- «Արմէնփրէս»-ի հարցին ի պատասխան՝ ըսած է ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած էին, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին մարտին պիտի այցելէ Երեւան եւ Պաքու։ Նշուած է, որ Հայաստան այցը, հաւանաբար, տեղի պիտի ունենայ մարտ 4-ին։