Հայաստանի վարչապետը վերջին օրերուն քիչ բան չէ ըսած։ Այս մասին ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ հրաժարելով մեկնաբանել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հարցազրոյցը իտալական La Repubblica թերթին։
«Պարզապէս ամփոփելով այդ բոլոր յայտարարութիւնները՝ կ'ուզեմ ըսել, որ պէտք է կարողանալ պատասխան տալ սեփական արարքներու համար, այլ ոչ թէ մեղաւորներ փնտռել եւ այդ ընել անընդհատ, ամէն առիթով։ Պէտք է պատասխանատւութիւն կրել, սեփական պատասխանատւութիւնը, այլ ոչ թէ ուրիշի ուսերուն բարդել, եթէ անոնք այդ մեղք կը համարեն։ Ասով է որ քաղաքական գործիչը, պետական գործիչը կը տարբերուի պատահական մարդէն, որ չի մտածեր իր երկրի ազգային շահերու մասին։ Եւս մէկ անգամ նշեմ. պէտք է կարողանալ պատասխան տալ սեփական արարքներու համար, այլապէս այդ քիչ մը նման է պարողի պարագային»,- ըսած է Զախարովան։