Ռուսիան կը պարտուի պատերազմին. այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին իր երեկոյեան ուղերձին, գրած է gordonua.com-ը:
«Հակառակ որ համաշխարհային միտումն արդէն պարզ է՝ Ռուսիան տանուլ կու տայ այս պատերազմը, Ռուսիոյ տէրերը կը շարունակեն ժխտել իրականութիւնը։ Անոնք կը շարունակեն փորձել խաբել աշխարհը, շրջանցել պատժամիջոցները, աւելի շատ զէնք արտադրել, ապահովել միջոցներու եւ մարդոց աւելի մեծ վատնում այս յարձակման համար», -ըսած է Զելենսքին:
Ան նշած է, որ Ուքրանիան նոր քայլեր կը նախապատրաստէ ռուսական ռազմական ներուժը աւելի սահմանափակելու համար։