Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիլլօ ընդդիմութեան կողմէ հրաւիրուած է խորհրդարան` Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստի ընթացքին բացատրութիւններ տալու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` հայերուն ուղղուած «Գորշ գայլեր»-ու ձեռքի շարժումի եւ Ուրուկուէյի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի բացատրութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պուսթիլլօ ըսած է, որ հարցը փակուած կը նկատուի` աւելցնելով. «Այդ անսպասելի ձեռքի շարժումէն ետք մենք անմիջապէս Թուրքիոյ դեսպանը նախարարութիւն կանչեցինք, եւ այդ մեր քայլը դիւանագիտական կանոններով ինքնին բողոք եւ դժգոհութիւն կը պարունակէ»:
Նախարարը անգամ մը եւս շեշտած է, որ Ուրուկուէյը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ունի այս առնչութեամբ պետական քաղաքականութիւն` կիսելով հայերու ցաւը, ուստի այդ մեծ ցաւին համար որեւէ բացատրութիւն չկայ:
Ընդդիմադիր «Լայն ճակատ» կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեանը թէեւ կարեւոր նկատեց գործադիր իշխանութեան արագ պատասխանը, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշեց, թէ նախընտրելի պիտի ըլլար, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ ու հզօր յայտարարութեամբ անդրադառնար Թուրքիոյ դեսպանի բացատրութիւններուն եւ միջադէպին: Ըստ անոր, զարմանալիօրէն, դեսպանը ըսած է, թէ ձեռքի այդ շարժումը կապ ունի «թրքական հպարտութեան» հետ եւ ոչ թէ «Գորշ գայլեր»-ուն:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն: