image

Ըստ Թրամփի. «Ամերիկան դէպի դժոխք կը քալէ»

Ըստ Թրամփի. «Ամերիկան դէպի դժոխք կը քալէ»

ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ շաբաթ յայտարարած է, որ դեմոկրատները եւ Պայտընի վարչակազմը կը կործանեն ԱՄՆ-ն եւ երկիրը դէպի դժոխք կը տանին:

Ելոյթ ունենալով Օհայօ նահանգին մէջ իր կողմնակիցներու հանրահաւաքի ժամանակ Թրամփ յայտարարած է. «Բանն այն է, որ ընտրութիւնները կեղծուած եւ գողցուած են, եւ այժմ մեր երկիրը կը կործանուի: Մեր երկիրը կը կործանուի եւ դէպի դժոխք կ'երթայ: Մեզի հետ երբեք նման բան տեղի չէր ունեցած»:

Ան կոշտ քննադատութիւններ հնչեցուցած գործող նախագահ Ճօ Պայտընի հասցէին:

«Մեր ներկայիս նախագահը, ցաւօք սրտի, չի հասկնար, թէ ինչ տեղի կ'ունենայ», ըսած է Թրամփ` յաւելելով, որ Պայտընը «այդ ամէնը կ'ըՆէ այն ժամանակ, երբ Փութին անընդհատ կը խօսի միջուկային զէնքի մասին»:

Թրամփ յաւելած է, որ ներկայիս վարչակազմը մեղաւոր է ԱՄՆ-ի մէջ կազի գնաճի եւ մրցանշային սղաճի համար: