Ծագումով հայ աստղանաւորդ Յարութիւն Քիվիրեան յաջողութեամբ աւարտած է Միջազգային տիեզերակայանի ռուսական հատուածին վերաբերող իր նախաթռիչքային վերջնական քննութիւնը՝ բարձր գնահատական ստանալով քննական յանձնախումբին կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ռուսահայ փորձարկող-աստղանաւորդ Յարութիւն Քիվիրեան նոր եւ կարեւոր փորձութիւն մը եւս արձանագրեց դէպի անջրպետ իր ճամբուն վրայ։ Ան յաջողութեամբ աւարտեց թռիչքէն առաջ նախատեսուած պատրաստութեան հիմնական փուլը՝ քննութիւն յանձնելով Միջազգային Տիեզերակայանի (ՄՏԿ) ռուսական հատուածի մարզասարքին վրայ։
Օգոստոսի վերջաւորութեան տեղի ունեցած համալիր քննութիւնը Քիվիրեանի համար տիեզերական թռիչքէն առաջ վերջին փորձութիւնն էր։ Ան ընդգրկուած է ամերիկեան «Քրու Տրակըն» տիեզերանաւով իրականանալիք «Քրու-13» առաքելութեան պահեստային անձնակազմին մէջ։
Քննիչ յանձնախումբը, զոր կը գլխաւորէր Տիեզերագնացներու Պատրաստութեան Կեդրոնի ղեկավար, Ռուսաստանի հերոս եւ տիեզերագնաց Օլեկ Քոնոնենքօ, բարձր գնահատական տուաւ Քիվիրեանի պատրաստութեան։
33-ամեայ Յարութիւն Քիվիրեան Եուրի Կակարինի անուան Տիեզերագնացներու Պատրաստութեան Կեդրոնի փորձարկող-աստղանաւորդ է։ Տիեզերագնացներու ջոկատին միանալէն առաջ ան «Էներժի» հրթիռատիեզերական ընկերութեան մէջ աշխատած է որպէս փորձարկող ճարտարագէտ։
Քիվիրեան ծնած է Ռուսաստանի Ատըկէյի Ինքնավար Հանրապետութեան Մայքոփ քաղաքը։ Ան ուսանած է Ս. Փեթերսպուրկի Սուվորովի զինուորական վարժարանին, ապա՝ «Վոենոմեխ» Պալթեան պետական արհեստագիտական համալսարանին մէջ՝ ստանալով հրթիռաշինութեան ճարտարագէտի մասնագիտութիւն։
Յարութիւն Քիվիրեանի ընտրութիւնը յատկանշական է նաեւ հայկական տեսանկիւնէն. ան Խորհրդային եւ ռուսական տիեզերագնացներու ջոկատին մէջ ընդգրկուած առաջին հայն է։ Նախաթռիչքային վերջին քննութիւնն ալ յաջողութեամբ աւարտելով՝ Քիվիրեան այժմ մէկ քայլ եւս մօտեցած է իր առաջին տիեզերական թռիչքին։