image

Ըստ Պլինքընի բանակցութիւնները միակ ճանապարհ

Ըստ Պլինքընի  բանակցութիւնները միակ ճանապարհ

Բանակցութիւններու միջոցով կնքուած համաձայնագիրը դէպի կայուն խաղաղութիւն միակ ճանապարհն է։ Թուիթըրի էջին գրած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն՝ մանրամասնելով թէ ինչ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանին 9 հոկտեմբերի հեռախօսազրոյցի ժամանակ․

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին ողջունած եմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտօնական խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ գրանցուած առաջընթացը։ Բանակցութիւններու միջոցով կնքուած համաձայնագիրը, դէպի կայուն խաղաղութիւն միակ ճանապարհն է»,- գրած է Պլինքըն։