image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Հաքան Ֆիտանի «Ամերիկա կրակի հետ կը խաղայ»

Ըստ Հաքան Ֆիտանի «Ամերիկա  կրակի հետ կը խաղայ»

Միացեալ Նահանգներ «կրակի հետ կը խաղայ», եւ այդ կրակը որեւէ պահու կրնայ հրդեհի վերածուիլ։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը՝ A Haber հեռուստաալիքի եթերին մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հասունացող հակամարտութիւնը։

Երբ անոր հարցուցած են իրանամէտ զինուած խումբերու վրայ Միացեալ Նահանգներու յարձակումներու մասին, Ֆիտանը պատասխանած է, որ Միացեալ Նահանգները «կրակի հետ կը խաղայ»:

«Երբ կրակի հետ կը խաղաս, այդ կրակը որեւէ պահու կրնայ հրդեհի վերածուիլ։ Այդ կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ։ Այստեղ մենք կանգնած ենք վտանգի առաջ»,-ըսած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը։

Ֆիտան ըսած է, որ Թուրքիան այս հարցով մշտական բանակցութիւններու մէջ է տարածաշրջանային գործընկերներու եւ Միացեալ Նահանգներու հետ։

«Անհրաժեշտ է խուսափիլ տարածաշրջանի մէջ հակամարտութեան տարածումէն։ Իրավիճակը հեշտ չէ. մենք կրնանք հակամարտութեան մեծ տարածման բախիլ»,- ընդգծած է ան։

Ֆիտան նաեւ ըսած է, որ Իսրայէլը իրեն ապահով կը զգայ միայն այն ժամանակ, երբ դադրի ստել համաշխարհային հանրութեան։

«Իսրայէլը անվտանգութիւն չի փնտռեր. Իսրայէլը աւելի շատ տարածքներ կը փնտռէ: Իսրայէլն ապահով կ՚ըլլայ այն օրը, երբ պաղեստինցիներուն տայ իրենց պետութիւնը»,-ըսած է թուրք դիւանագէտը։

Ֆիտան յիշեցուցած է, որ Թուրքիան՝ որպէս տարածաշրջանի երկիր, բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է պատասխանատւութիւն ստանձնելու։