30 նոյեմբերին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ կը սկսին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նոր դեսպանի թեկնածու Ք. Քուիէնի վերաբերեալ լսումները:
Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնէն կը յայտնեն, որ նոյն օրը լսումներ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսիի թեկնածութեան վերաբերեալ, որ նախագահ Ճօ Պայտընի թեկնածուն է Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին:
Անոնց թեկնածութիւններու հաստատման պարագային, արդէն յունուարին Թրէյսին Երեւանէն կը մեկնի Մոսկուա, իսկ Քուիէնը կը կարողանայ ժամանել Երեւան: