image

Ընթացք առած է ՀԱՊԿ-ի հերթական զօրավարժութիւնը. Հայաստանը՝ բացակայ

Ընթացք առած է ՀԱՊԿ-ի հերթական զօրավարժութիւնը. Հայաստանը՝ բացակայ

Նովոսիպիրսքի մարզին մէջ կայացած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) «Քոպալթ-2024» յատուկ վարժանքի բացման արարողութիւնը՝ «Ռոսկվարտիա»ի ղեկավարութեամբ։ 

Զօրավարժութիւններու ընթացքին կ'իւրացուին ուժերու խմբաւորումներու եւ միջոցներու գործողութիւններու նոր ձեւեր ու եղանակներ, կը փորձարկուին զէնքի, ռազմական սարքերու նոր նմոյշներ, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու, հետախուզական միջոցներու կիրառման մարտավարական հնարքներ: 

«Ներկայիս իրադրութիւնն աշխարհին մէջ անկայուն է. ահաբեկչական մեծ աշխուժութեան, սահմանադրական կարգի խախտման փորձերու, զինուած բախումներու եւ պատերազմներու հրահրման պայմաններուն տակ ստեղծուած իրավիճակը մեզմէ կը պահանջէ մարտական կիրառման համար տեւական մարտական աշխուժութիւն», - բացման խօսքին ըսած է «Ռոսկվարտիա»ի Սիպիրեան շրջանի հրամանատար զօրավար-գնդապետ Նիքոլայ Մարքով։ 

Միջոցառման կը մասնակցին Ռուսիոյ Դաշնութեան, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Տաճիկստանի եւ Խրխզստանի շահագրգիռ նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հայաստանը զօրավարժութիւններուն չի մասնակցիր։

Զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս, որոնք կ'աւարտին 16 օգոստոսին, մասնակիցները կը կատարեն փորձի փոխանակում եւ կը կատարելագործեն փոխգործակցութեան հմտութիւններ յատուկ նշանակութեան ուժերու ստորաբաժանումներուն միջեւ: ՀԱՊԿ-ի անմիջական արձագանգման հաւաքական ուժերու կազմի մէջ մտնող ստորաբաժանումները կը ստանան անօրինական զինուած խմբաւորումներու որոնման, յայտնաբերման եւ ոչնչացման համատեղ գործողութիւններու գործնական հմտութիւններ։ Վերջին օրը յատուկ ջոկատայիններն օդուժի եւ անօդաչու թռչող սարքերու կիրառմամբ պիտի մշակեն շէնքի եւ փոխադրամիջոցի գրոհ, պատանդներու ազատում եւ զինեալներու չէզոքացում։

Աւելի վաղ ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպետով յայտարարած էր, որ ՀԱՊԿ 2024 թուականին նախատեսած է եօթ համատեղ մարտական վարժանքներ, որոնք տեղի կ'ունենան Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Խրխզստանի եւ Տաճիկստանի տարածքին մէջ: