image

«Ընդամէնը փոխել եմ աշխատավայրս». Գիւմրիի նախկին փոխքաղաքապետը պատգամաւոր դարձաւ

«Ընդամէնը փոխել եմ աշխատավայրս». Գիւմրիի նախկին փոխքաղաքապետը պատգամաւոր դարձաւ

Գիւմրիի համայնքի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Առուշանեան պատգամաւորական մանթատ ստացաւ։ Այս մասին այսօր Ազգային Ժողովի նիստին յայտարարած է նիստը վարող ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը։

Առուշանեան խորհրդարանին մէջ պիտի փոխարինէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան արդէն նախկին պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանին, որ օրեր առաջ ընտրուած էր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նախագահ։

«ԿԸՅ-ն ներկայացրել է ԱԺ պատգամաւորի լիազօրութիւնները դադարեցրած մանթատը յաջորդ թեկնածուին տրամադրելու մասին արձանագրութիւնը, ըստ որի մանթատը տրւում է Քաղաքացիական պայմանագիր ընտրական ցուցակի հերթական յաջորդ թեկնածու Դաւիթ Առուշանեանին»,– ըսած է Ռուբինեաը` նորընտիր պատգամաւորը հրաւիրելով ամպիոնի մօտ` երդուելու։

Երդման բնագիրը արտասանելէ ետք գիւմրեցի պատգամաւորը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է համաքաղաքացիներուն ու վստահեցուցած. «Ես քաղաքից չեմ գնացել, ընդամէնը փոխել եմ աշխատանքիս վայրը։ Նպատակներս մնացել են նոյնը»։

Առուշանեան յայտարարած է, որ ամէն ինչ պիտի ընէ Գիւմրիի մէջ կիսատ թողած ծրագիրները աւարտելու համար։

Հոկտեմբեր 10–ին յայտնի դարձաւ, որ Դաւիթ Առուշանեան Գիւմրիի փոխքաղաքապետի պաշտօնէն ազատման դիմում գրած է։ Ան գրած էր, որ այսուհետեւ իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ Ազգային ժողովէն ներս։