image

Յիշողութենէս անջնջելի պատառիկներ

Յիշողութենէս անջնջելի պատառիկներ

Լիբանանահայ համայնքային գործիչ՝ Նազելի Աւագեան կը գրէ՝ 

Շաբաթներէ ի վեր  սպասուած զինադադարը ի վերջոյ հաստատուեցաւ: 66-օրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք` Հարաւային Լիբանանէն, Պեքայէն եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն գաղթած լիբանանցիներ քիչ մը շունչ առին եւ վերադարձան իրենց բնակարանները:

Արհաւիրքի, սարսափի, անորոշութեան պահերը չքացան: Հրթիռներուն թէ անօդաչու թռչող սարքերուն պատճառած սարսուռը նուազեցաւ: Բնականաբար ամէն ոք գտաւ իր բնականոն առօրեան:

Սակայն մեր սիրտերուն, յիշողութիւններուն, միտքերուն մէջ մնացին պատերազմի անջնջելի պահերը` սահմռկեցուցիչ տեսարանները, ռումբերու որոտներու արձագանգները, ինչպէս նաեւ`  գաղթական մեր համաքաղաքացիներուն հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութեան, հոգատարութեան եւ նեցուկի զգացումներն ու պահերը:

Առաջին անգամ այդ հոգեվիճակը ապրեցայ, երբ 26 սեպտեմբերին առողջապահութեան նախարարութենէն ստացուած փոխանցումով մը իմացայ, թէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կը վստահուէր Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ պետական վարժարան մը ապաստանած հարիւրաւոր գաղթականներուն հոգատարութիւնը:

Վստահօրէն, որպէս հայ, լաւապէս պիտի ըմբռնէի ստեղծուած կացութիւնն ու վստահուած պատասխանատուութիւնը:  Չէ՞ որ նոյնանման պայմաններ դիմագրաւած ժողովուրդի մը շառաւիղին մէկ մասնիկն եմ:  Չէ՞ որ գաղթական ըլլալու հոգեվիճակը հայերուս համար ծանօթ զգացում մըն է: Դեռ չեմ ըսեր, որ դար մը առաջ հայութեան պայմանները շա՜տ աւելի վատ էին, կարելի չէ համեմատել լիբանանցի գաղթականներուն այսօրուան ապրած իրավիճակին հետ: Չէ՞ որ նման կացութեան մը մատնուեցաւ արցախահայութիւնը տարի մը առաջ: Իսկ որպէս լիբանանահայ` կարելի՞ էր անտեսել վստահուած պատասխանատուութիւնը  կամ անտարբեր մնալ լիբանանցի գաղթականներուն հանդէպ:

Պատերազմին ստեղծած իրավիճակը լուրջ էր եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը` որպէս բարեսիրական հաստատութիւն, յատուկ առաքելութիւն մը ունէր այս փուլին:

Թէեւ պատասխանատուութիւնն ու պարտաւորութիւնը մեծ էին եւ ծանր, բայց կեդրոնի անձնակազմը բծախնդրօրէն կատարեց իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Առանց չափազանցելու` յայտնեմ, որ ամէն անգամ, երբ այցելէինք կեդրոնին վստահուած պետական վարժարանը, տարբեր պահեր կ’ապրէինք: Լիբանանցի մեր հայրենակիցներուն հանդէպ հոգատարութիւն ցուցաբերելու, իրերօգնութեան ձեռք երկարելու մեր բնածին կեցուածքները կը բազմապատկուէին, մանաւանդ երբ ականատես կ’ըլլայինք անոնց թշուառ վիճակին:

Ցաւալի էր կացութիւնը: Հարիւրաւոր ընտանիքներ պատերազմի պարտադրանքին տակ գաղթած էին իրենց բնակարաններէն եւ հաստատուած` շատ հեռու այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր բնաւ ոտք չէին կոխած: Նոր բնակավայրի ճամբաներուն ծանօթ չէին, շա՜տ շատեր հարազատներ կամ բարեկամներ չունէին այնտեղ: Նոյնիսկ իրարու անծանօթ մարդիկ ստիպուած էին ապրելու միեւնոյն յարկին տակ: Դեռ աւելի՛ն. անոնցմէ ոմանք կորսնցուցած էին իրենց հարազատները, ուրիշներ` իրենց տուները: Բայց ի՞նչ ընէին, այլ ընտրանք չկար, պիտի ընտելանային նորաստեղծ պայմաններուն: Այդպէս ալ եղաւ: Անոնք համակերպեցան նոր կեանքին` միաժամանակ մեզ ալ վարժեցնելով ապրիլ նոր կացութեան մը մէջ:

Ու այսօր, երբ այդ ամէնը կը պատկանի անցեալին, եւ ամէն բան իր հունին մէջ մտած է արդէն, ինչ-ինչ երեւոյթներ կը վերակենդանանան միտքիս մէջ:

Ինչպէ՞ս մոռնալ այն մայրը, որ պատերազմի առաջին օրերուն իր երեխան շալկած` հասաւ կեդրոն, որպէսզի երեխային վիրաւոր ոտքը շողանկարենք: Կամ` այն երիտասարդը, որ հրթիռի մը պատճառով ստացած արիւնլուայ վէրքը ցոյց պիտի տար կեդրոնի վիրաբուժին: Աւելի՛ն. ինչպէ՞ս չյիշել հեռաձայններու այն տարափը, որ օր ու ժամ կամ գիշեր թէ ցերեկ չունէր: Գաղթականներ, առողջապահութեան նախարարութեան հարթակէն ապահովելով հեռախօսիս համարը, փրկութեան լաստ մը գտած մարդու հոգեվիճակով, տագնապալի շեշտով ինծի կ’ուղղէին այնպիսի հարցումներ, որոնք դեռ կը զնգան ականջիս մէջ:

«Ես ու քոյրս գաղթական ենք, երէկ հասանք: Ճամբան քոյրս արկածի հանդիպեցաւ: Կարելի՞ է գալ եւ բժշկական օգնութիւն ցոյց տալ:

«Երեխայիս ջերմաստիճանը բարձր է, ի՞նչ դեղ կը թելադրէք»:

«Ամուսինիս աչքը ուռած է, կրնա՞նք հիմա գալ եւ բժշկական օգնութիւն ցոյց տալ:

«Գաղթական եմ, կէս գիշերին հասայ Պուրճ Համուտ: Ոչ մէկ փաստաթուղթ ունիմ հետս: Ինչպէ՞ս կրնամ բժիշկ տեսնել»:

«Բարեւ ձեզ, դեղագիրիս պատճէնը ղրկեցի ձեր հեռախօսին: Կրնա՞ք այս դեղերը ապահովել ինծի համար»:

Եւ վերոյիշեալներուն նման` բազմաթիւ հարցումներ:

Արդարօրէն պէտք է նշել, որ տագնապի փուլին իւրաքանչիւր կառոյց իր մատուցած առօրեայ ծառայութիւններուն զուգահեռ, ստանձնեց գաղթական դարձած մեր համաքաղաքացիներուն օժանդակելու պարտաւորութիւնը եւ բծախնդրօրէն ձեռք երկարեց անոնց, հակառակ անոր որ գտնուեցան մարդիկ, որոնք «Գաղթականները մեր գործը աւելցուցին», «Ի՞նչ ստիպուած ենք անոնց ծառայութիւն ցուցաբերելու», «Մինչեւ ե՞րբ պիտի խնամենք զիրենք», «Անոնց ծառայելով` մենք մեզ վտանգի ենթարկած կ’ըլլանք» դժգոհութեան խօսքերով փորձեցին խոչընդոտել աշխատանքը:

Այսօր արդէն շրջանցած ենք տագնապի դժնդակ փուլը: Լիբանանի տարածքին գործող միութիւններն ու կազմակերպութիւնները` բոլորն ալ անխտիր  գոհունակութեամբ կատարեցին քաղաքացիական իրենց պարտաւորութիւնն ու մարդասիրական առաքելութիւնը: Եւ ինչպէս ամէն իրողութիւն, որ սկիզբ ու վերջ ունի, այս պատերազմի փուլն ալ վերջ գտաւ:

Լիբանանցի մեր համաքաղաքացիներուն ընկերային, կենցաղային եւ բժշկական կարիքները հոգալու հեւքոտ օրերը չմնացին: Այդ օրերէն մնացին գաղթականներուն օրհնաբեր մաղթանքները, անմեղ մանուկներուն ժպիտները, վիրաւորներուն արտասանած շնորհակալական խօսքերը եւ, ամէնէն կարեւորը, լիբանանահայութեան հանդէպ անոնց տածած յարգանքը:

Ի վերջոյ, որպէս լիբանանահայեր, մեր պարտականութիւնը կատարեցինք հանդէպ այն երկրին, որ աւելի քան դար մը առաջ իր դռները լայն բացաւ ու մեզ ընդունեց իր կապոյտ երկնակամարին տակ:

 

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն