image

Յայտնի է, թէ որոնք պիտի գլխաւորեն «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնը

Յայտնի է, թէ որոնք պիտի գլխաւորեն «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնը

11 Յուլիսին, ՀՀԿ կեդրոնէն ներս Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է կուսակցութեան Գործադիր Մարմնի հերթական նիստը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀԿ Գործադիր մարմնէն։

Նիստի ընթացքին քննարկուած են կուսակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Շեշտուած է կառուցուածքային ստորաբաժանումներու հետ աշխատանքներու աշխոյժացման եւ ոլորտային կազմակերպութիւններու աշխատանքային ծրագրերը լիարժէք իրագործելու կարեւորութիւնը։

Նիստին ներկայացուած է նաեւ ՀՀԿ արտաքին կապերու շրջածիրէն ներս միջազգային գործընկերներու հետ տարուող աշխատանքներու մասին ընթացիկ տեղեկատուութիւնը։

Քննարկուած է Ազգային Ժողովէն ներս Հանրապետական պատգամաւորներու հետագայ գործունէութիւնը։

Ի գիտութիւն ընդունուած է «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավարի յայտարարութիւնը «Պատիւ ունեմ» դաշինքէն դուրս գալու մասին եւ արձանագրուած է դաշինքի գոյութեան դադարումը։

Նկատի ունենալով, որ նոյնանուն խմբակցութիւնը Ազգային Ժողովէն ներս դեռ գոյութիւն ունի եւ անոր ղեկավարի թափուր պաշտօնը իրաւաքաղաքական գործընթացներու ապահովման տեսանկիւնէ պէտք է լրացնել, ՀՀԿ Գործադիր մարմինը առաջարկած է խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնին Հայկ Մամիճանեանի, իսկ քարտուղարի պաշտօնին՝ Տիգրան Աբրահամեանի թեկնածութիւնները։

Վերահաստատուած է, որ կուսակցութեան խորհրդարանական գործունէութեան առանցքն եղած է եւ կը մնայ գործող վարչախումբի հեռացումը, ուստի թէ՛ խորհրդարանէն ներս, թէ՛ խորհրդարանէն դուրս Հանրապետականը պատրաստ է համագործակցութեան այդ օրակարգը հետապնդող պատգամաւորներու, քաղաքական եւ հասարակական ուժերու ու գործիչներու հետ։

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ հետեւողականօրէն վատթարացող անվտանգային միջավայրի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները։