Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան արդէն նախկին պատգամաւոր Վլատիմիր Վարդանեանի թափուր մանթատը տրամադրած է կուսակցութեան ընտրական ցուցակի հերթական յաջորդ թեկնածու Լուսինէ Ակմակչեանին։
Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի ընթացքին այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը։
Ազգային ժողովի նախագահը Լուսինէ Ակմակչեանը հրաւիրած է ամպիոնի մօտ՝ պատգամաւորական երդման համար։
Լուսինէ Ակմակչեանը երդմամբ ստանձնած է պատգամաւորի մանթատը։
Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր Վլատիմիր Վարդանեանը պատգամաւորական մանթատէն հրաժարած էր, քանի որ խորհրդարանի կողմէ ընտրուած էր Սահմանադրական դատարանի անդամ։