Ատրպէյճանն ու Ինտոնեզիան կրնան գլխաւորել Կազայի հատուածին մէջ նախատեսուած միջազգային կայունացման ուժերը, հաղորդած է Israel Hayom-ը:
Այս երկու երկիրները պիտի կազմեն տասնեակ հազարաւոր զինուորներէ բաղկացած բազմազգ զօրախումբի միջուկը:
Ատրպէյճանը եւ Ինտոնեզիան ներգրաւելու որոշումը կայացուած է այն բանէ ետք, երբ Իսրայէլը վեթօ դրած է թրքական զօրքերու մասնակցութեան առաքելութեան:
Ըստ տեղեկութիւններու՝ Միացեալ Նահանգները աջակցած է Իսրայէլի դիրքորոշման: Նշուած է, որ Ինտոնեզիան զգալի փորձ ունի ՄԱԿ-ի հովանու ներքոյ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելու առումով, մինչդեռ Ատրպէյճանն Իսրայէլի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ամենամօտ գործընկերներէն մէկն է: