image

Յայտնաբերուած է Սեւանի մօտ անհետ կորսուած Անահիտ Մնացականեանի դին

Յայտնաբերուած է Սեւանի մօտ անհետ կորսուած Անահիտ Մնացականեանի դին

Սեւանի մէջ որոնուող 25-ամեայ երաժիշտ Անահիտ Յակոբի Մնացականեանի դին այսօր գտնուած է՝ ջրահեղձ եղած վիճակի մէջ:

Ջրափրկարարները քանի մը օր փնտռելէ ետք յայտնաբերած են Անահիտ Մնացականեանի դին, յայտնած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնը։

Որոնողական աշխատանքներն իրականացուած են լիճին մէջ, յարակից անտառուն եւ հանդամասերուն մէջ․ կիրառուած են ջրային եւ օդային հետախուզութեան միջոցներ՝ ստորջրեայ սարքաւորում եւ անօդաչու թռչող սարք։

Որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ՝ յունիս 3-ին, ժամը 11։32-ին ափէն մօտ 70 մեթր հեռաւորութեան եւ 4 մեթր խորութեան վրայ յայտնաբերուած է Ա․ Մ․-ի (ծնած 1999 թ․) դին եւ դուրս բերուած։

Նշենք, որ Մայիս 31-ի երեկոյեան 25-ամեայ Անահիտ Մնացականեանը այցելած էր Սեւանի վարչական տարածքին մէջ գործող «Best Western Bohemian Resort» հանգստեան գօտի։ Այդ գիշերուընէ ան Սեւանի ափէն որպէս անհետ կորսուած կ՚որոնուէր։