image

Յատուկ կարգավիճակ Ղարաբաղին. Տարասով

Յատուկ կարգավիճակ Ղարաբաղին. Տարասով

Եթէ ​​Ատրպէյճանի վարքագիծը չփոխուի, ապա ռուս խաղաղապահները յաւերժ կը մնան Ղարաբաղի մէջ: Այս մասին ըսաւ ռուս քաղաքագէտ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի երկիրներու խնդիրներու փորձագէտ Սթանիսլավ Տարասով:

 

Ան այդ կապեց այն բանին հետ, որ ռուս խաղաղապահները հանդէս կու գան որպէս արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւոր: «Մէկ կողմէ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կը հանդիպին Նիւ Եորքի մէջ, Ալիեւ կը յայտարարէ Փաշինեանի հետ հանդիպելու պատրաստակամութեան մասին: Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահը չի կրնար ազատիլ առճակատման հռետորաբանութենէն եւ հանդէս կու գայ ուժի դիրքէ։ Հարց կը յառաջանայ՝ ընդհանրապէս պիտի կարենա՞յ այդ ընել Ատրպէյճանը: Բացի այդ, հաշուի առնելով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին աշխուժացումը, Ղարաբաղի այն հատուածին, որ չէ անցած Պաքուի վերահսկողութեան տակ, յատուկ կարգավիճակ պիտի տրուի: Տակաւին դժուար է ըսել, թէ ինչ կարգավիճակ կը տրուի», նշեց փորձագէտը։