image

Յակոբ Կարապենց պիտի յիշատակուի

Յակոբ Կարապենց պիտի յիշատակուի

Երեւանի Պետական Համալսարանը եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կը նախատեսեն կազմակերպել միջազգային գիտաժողով նուիրուած արձակագիր, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ՝ Յակոբ Կարապենցին: Այս մասին Արեւելք իմացաւ «Համազգային»ի  Հայաստանեան գրասենեակի  էջէն:

Գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 23 Սեպտեմբեր, 2021-ին, նպատակ ունի համակողմանիօրէն, գիտական արդիական չափանիշնրով քննելու եւ արժեւորելու Յակոբ Կարապենցի գրական ժառանգութիւնն ու հասարակական գործունէութիւնը: 

Գիտաժողովին կրնան մասնակցիլ գիտնականներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Զեկուցումներու յայտերը եւ զեկոյցները ընդունուած են նախօրօք: 

Նշենք, որ Յակոբ Կարապենց (1925-1994) ծնած է Պարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքը: Երիտասարդ տարիքին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր իր ուսումը շարունակած է երկու համալսարաններու մէջ: Մասնագիտացած է լրագրութեան մէջ: 1954-1979 թուականներուն եղած է «Ամերիկայի ձայն» ռատիոկայանի հայկական բաժնի ղեկավարը: Հեղինակն է բազմաթիւ գործերու՝ ինչպէս՝ «Անծանօթ հոգիներ» (պատմուածքներ), «Կարթագէնի դուստրը» (վէպ), «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները» (պատմուածքներ), «Միջնարար» (պատմուածքներ), «Ադամի գիրքը» (վէպ), եւ այլ գործեր: