image

Վեր. Էսքիճեան պիտի յիշատակուի  UCLA-ի մէջ

Վեր. Էսքիճեան պիտի յիշատակուի  UCLA-ի մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք մեծ թիւով հայ որբեր փրկած պատուելիի Յովհաննէս Էսքիճեան պիտի յիշատակուի Քալիֆորնիոյ համալսարանին (UCLA) մէջ։ Քըր ընտանիքի անուան դասախօսութեան շարքին երկրորդը, որ տեղի պիտի ունեանայ 18 Հոկտեմբերին, նուիրուած պիտի ըլլայ Պատուելի Էսքիճեանի հերոսական պատմութեան։ Իսկ բանախօսը պիտի ըլլայ՝ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`  

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին եւ Քըր ընտանիքին ջանքերով անցեալ տարի հիմը դրուած էր դասախօսութեան շարքի մը՝ կարիքաւորներուն օգնութեան հասած հերոսներուն պատմութիւնները լուսարձակի տակ առնելու նպատակով։

Շարքին երկրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 18 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, վերոնշեալ համալսարանին «Մոնկ» կեդրոնի սրահին մէջ։

Ձեռնարկը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք մեծ թիւով հայ որբեր փրկած պատուելիի Յովհաննէս Էսքիճեանի հերոսութեան, իսկ բանախօսն է՝ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան։ Ան հեղինակն է «Դիմադրութեան Ցանցը» («The Resistance Network») հատորին, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք փրկարար աշխատանքներ կատարած մարդասիրական աշխատանք տանող գործիչներու, աւետարանիչներու եւ դիւանագէտներու ցանցի գործունէութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ փրկել հարիւր հազարաւոր հայորդիներ։

Պատուելի Էսքիճեան, իր կեանքը վտանգելով՝ կրցած էր մեծ թիւով հայ որբեր Տէր Զօրէն ազատել եւ զանոնք Հալէպ տանիլ։

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի հայկական եւ վրացական հաւաքածոներու ղեկավարն է եւ դասախօս է «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը պիտի կատարէ Հայկազեան համալսարանէն դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան։

Դասախօսութեան կարելի է հետեւիլ նաեւ առցանց։ Երկու պարագաներուն նախապէս պէտք է արձանագրուիլ՝ այցելելով bit.ly/kerrfamilylecture2024 կայքէջը։

Նշենք, որ Սթենլի եւ Էլսա Քըրերը Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան միջոցաւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են հարիւր հազարաւոր հայերու օժանդակութեան հասած նշեալ կազմակերպութիւնը հիմնելու ջանքերուն մէջ: Սթենլի Քըր նաեւ դասաւանդած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ հրատարակած է իր յուշերը պարփակող «Մարաշի Առիւծները» հատորը: Սթենլի եւ Էլսայի զաւակը՝ Մալքըմ, դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ անոնց թոռնիկը՝ Սթիւը, Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ պասքեթպոլի աստղերէն է։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել armenian-info@international.ucla.edu հասցէին կամ (310) 569-6325 թիւին։