image

Հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Սրբազան պիտի յիշատակուի

Հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Սրբազան պիտի յիշատակուի

Յառաջիկայ Կիրակի օր  Հոգելոյս Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան պիտի յիշատակուի։

Նշենք, որ այս տարի կը զուգադիպի Սրբան Հօր մահուան 5-րդ տարելիցին, որ պատահած էր «Թագաժահր» համավարակի ծանր օրերուն։

Տեղեկութիւնը «Արեւելք» ստացաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ հրապարակուած տեղեկատւութիւնը՝ 

Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի, հոգեհանգստեան կարգ պիտի կատարուի եկեղեցւոյ երկարամեայ եւ վաստակաշատ սպասաւորին եւ Գանատայի Հայոց Թեմի երկրորդ Առաջնորդին

ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏԷՐ ՄԵՂՐԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ

վախճանման Ե. տարելիցին: 

Նոյն օրը երեկոյեան, Crystal Fountain սրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ յուշ-երեկոյ, նուիրուած վախճանեալ Սրբազան Հօր: Ձեռնարկի տոմսերու համար հեռաձայնել Եկեղեցւոյս գրասենեակ: