image
Հրատապ լուրեր:

«Յաջորդ հանդիպումը պիտի չուշանայ». Յայտարարեց ընդդիմութիւնը

«Յաջորդ հանդիպումը պիտի չուշանայ». Յայտարարեց ընդդիմութիւնը

Ազատութեան հրապարակին վրայ Արցախի անկախութեան օրուան նուիրուած ընդդիմութեան 2 սեպտեմբերի հանրահաւաքն աւարտեցաւ Շուշան Պետրոսեանի «Արցախ» երգի կատարումով:

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ յաջորդ հանրահաւաքը պիտի չուշանայ, նշեց, որ իշխանափոխութեան հասնելու շուրջ ընդդիմադիր դաշտին մէջ  աշխոյժ քննարկումներ կ'ընթանան:

«Սա մէկ հոգու, մէկ անձի որոշելիք չէ, սա արժանապատուութեան, մինչեւ վերջ գնալու պայքար է, մեր յաջորդ հանդիպումը շատ չի ուշանալու, Արցախը երբեք Ադրբեջանի կազմում չի լինելու: Չհիասթափուե΄լ, չյուսահսատուե΄լ, չլռե΄լ եւ գնալ մինչեւ վերջ»,- ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Նշենք, որ «SOS Արցախ» կարգախօսով հանրահաւաքին ներկայ էին ՀՀ 2-րդ եւ 3-րդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան: