image

Վրաստանը Ռուսաց դէմ նոր ճակատ պիտի չբանայ

Վրաստանը Ռուսաց դէմ նոր ճակատ պիտի չբանայ

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին յայտնած է, որ երկիրը պէտք է շարունակէ իր խաղաղ զարգացումը, չնայած Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութիւններուն: Անոր խօսքով, Թիֆլիսը մտադիր չէ «երկրորդ ճակատ» բանալու ուքրանական հակամարտութեան պատճառով։

«Մենք շատ դրական ակնկալիքներ ունինք մեր երկրի զարգացման համար», ըսած է Ղարիպաշվիլին։ Անոր խօսքով՝ չնայած Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին, «իրենք պէտք է պահպանեն խաղաղութիւնը»։

Ան ընդգծած է, որ Վրաստանի մէջ «երկրորդ ճակատ» բանալու կառավարութեան կողմէ ոչ մէկ կոչ պիտի չթոյլատրուի։

«Վրաստանի մէջ երկրորդ ճակատ պիտի չըլլայ, մենք այդ թոյլ պիտի չտանք եւ պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր քաղաքացիները եւ պետութիւնը», ըսած է Ղարիպաշվիլին։